ՊԷՅՐՈՒԹ.- Լիբանանի Հայ աւետարանական քոլէճի 85ամեակին առիթով, քոլէճի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան, Հայաստանի հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Սպարտակ Սէյրանեանի կողմէ ստորագրուած եւ Հայ աւետարանական քոլէճին ուղղուած գեղազարդ պատուոյ գիր մը ստացաւ՝ Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատան միջոցով:
Պատուոյ գիրին մէջ նշուած է, թէ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը կը պարգեւատրէ Լիբանանի Հայ աւետարանական քոլէճը՝ հայ մատաղ սերունդը ազգային ոգով կրթելու ու դաստիարակելու գործին մէջ անոր ունեցած աւանդին համար, նաեւ անոր հիմնադրման 85ամեակին կապակցութեամբ: