ԱՆԳԱՐԱ.- Ըստ Թուրքիոյ Ազգայնական Շարժում կուսակցութեան (ԱՇԿ) ղեկավար Տէվլէթ Պահչէլիի, նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ կը հետապնդէ քառակողմ՝ Ռուսիա, Թուրքիա, Հայաստան եւ Ատրպէյճան գագաթնաժողովի մը իրականացումը՝ Ղարաբաղի հարցի լուծման համար:
Կիւլ, նախքան Փրակա մեկնիլը, Անգարայի մէջ հանդիպում ունեցած էր ԱՇԿի ղեկավարութեան հետ՝ անոր բացատրութիւններ տալու համար հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութեանց մասին, եւ ցրուելու համար անոր մտավախութիւնները՝ ատրպեճանական շահերու պաշտպանութիւնը լքած ըլլալու կապակցութեամբ:
Կիւլ Պահչէլիին հաւաստած էր, թէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կանոնաւորապէս տեղեակ կը պահուի հայ-թրքական բանակցութեանց մանրամասնութիւններուն մասին: Ատրպէյճանը լաւատեղեակ պահելու այս մտահոգութենէն մեկնելով է, որ գալիք շաբաթ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան Պաքու պիտի այցելէ եւ ելոյթ պիտի ունենայ Ատրպէյճանի խորհրդարանին առջեւ:
Կիւլ Պահչէլիին նաեւ բացատրած էր Ռուսիոյ կարեւորութիւնը ղարաբաղեան բանակցութեանց գծով եւ անոր ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը՝ հակամարտութիւնը լուծելու միտուած բանակցութիւններուն մէջ (Ռուսիա արդէն իսկ գործուն մասնակցութիւն ունի այդ բանակցութեանց՝ Մինսկի խումբի համանախագահի իր հանգամանքով-Խմբ.):
Կիւլի այս «պարզաբանումներ»ուն լոյսին տակ յստակ կը դառնայ Էրտողանի Մայիս 16ի Մոսկուա այցելութեան եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նոր նախարար Տաւութօղլուի Ուաշինկթընի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի հետ ունենալիք հանդիպման հետապնդած նպատակները: