ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հակառակ այն իրողութեան, որ Միացեալ Նահանգներու 2010 թուականի ամավարկին մէջ կ՛առաջարկուի արտաքին օժանդակութեանց քանակը 9 տոկոսով աւելցնել, նախագահ Պարաք Օպամայի կառավարութիւնը Հինգշաբթի, Մայիս 7ին առաջարկած է Հայաստանի տրամադրուող օժանդակութիւնը 38 տոկոսով կրճատել, միաժամանակ Ատրպէյճանի տրամադրուող օժանդակութիւնը 20 տոկոսով աւելցնելու առաջարկ ներկայացնելով:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը մտահոգիչ կը համարէ այն իրողութիւնը, որ Օպամայի կառավարութիւնը առաջադրած է խախտել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տրամադրուող ռազմական օժանդակութեանց հաւասարակշռութիւնը՝ ի նպաստ Պաքուի:
Առաջարկները երբեք չեն համապատասխաներ նախագահական ընտրութեանց ընթացքին Հայաստանի տնտեսութեան բարգաւաճման համար տրամադրուող օժանդակութիւնները աւելցնելու Օպամայի տուած խոստումներուն:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան կը յայտնէ, թէ յուսախաբ է Հայաստանի տնտեսութեան համար կենսական այս օժանդակութիւնները նուազեցնելու առաջարկով:
Մինչ 2009ի ամավարկով Հայաստանի տրամադրուած էր 48 միլիոն տոլար, Օպաման առաջարկած է Հայաստանի յատկացնել միայն 30 միլիոն տոլար: Ատրպէյճանի պարագային՝ առաջարկուած 18.5 միլիոնի օժանդակութիւնը բարձրացնել 22.12 միլիոն տոլարի:
Ռազմական օժանդակութեանց պարագային, Ատրպէյճանի համար առաջադրուած է 4 միլիոն տոլարի, իսկ Հայաստանի համար՝ 3 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն: Ռազմական մարզումներու համար, 900,000 տոլարի օժանդակութիւն առաջարկուած է Ատրպէյճանի համար, իսկ Հայաստանի՝ 450,000 տոլարի:
Առաջարկները պիտի քննուին Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի համապատասխան ենթայանձնախումբերուն եւ յանձնախումբերուն կողմէ: