Ուրբաթ, Մայիս 1ին, Լոս Անճելըսի Ս. Յակոբ եկեղեցիին մէջ կայացած Թեմական պատգամաւորական 82րդ ժողովին բացման աղօթքը կատարեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան: Ժողովին դիւանը, սրբազան հօր նախագահութեամբ, կը բաղկանար հետեւեալներէ. Էտրիըն Գրիգորեան (ատենապետ), Էտ Նիգսարեան (փոխատենապետ), Զարուհի Տէր Մկրտիչեան (ատենադպրուհի՝ անգլերէնի) եւ Սիփան Ա. քհնյ. Մխսեան (ատենադպիր՝ հայերէնի):
Օրակարգի որդեգրումէն եւ յանձնախումբերու նշանակումէն ետք, պատգամաւորները վաւերացուցին նախորդ պատգամաւորական ժողովին ատենագրութիւնը եւ կարդացուեցաւ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի պատգամը ու անոր անգլերէն թարգմանութիւնը:
Օրուան հոգեւոր պատգամը տուաւ Միքայէլ քհնյ. Կիւրեղեանը: Ապա պատգամաւորները հանգամանօրէն նկատի առին յատուկ գիրքով տպուած տեղեկագիրները:
Առաջնորդին պատրաստած տարեկան տեղեկագիրը, որ բաժնուեցաւ պատգամաւորներուն, երախտագիտութեամբ ընդունուեցաւ:
Ընտրողական յանձնախումբին տեղեկագիրը ներկայացուց Թեմական խորհուրդի անդամ Ռատ սրկ. Ճորճորեան եւ անոր վրայ աւելցուեցան նոր թեկնածուներու անուններ:
Առաջնորդանիստ Մայր տաճարի կառուցման յանձնախումբի ատենապետ Արմէն Համբար յաւելեալ տեղեկութիւններ տուաւ կառուցման աշխատանքներուն մասին, իսկ Անդրանիկ Զօրայեան՝ ատենապետը Մայր տաճարի հանգանակիչ յանձնախումբին, նոյնպէս յաւելեալ տեղեկութիւններ տուաւ: Կառուցման յանձնախումբի անդամ Պապ Սիմոնեան եւս լուսաբանիչ տեղեկութիւններ հաղորդեց:
Երկրորդ նիստին, Թեմական խորհուրդի գանձապահ Ճորճ Ուզունեան մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ առաջնորդարանի հաշիւներուն մասին:
Թեմական խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Ժոզէֆ Կանիմեան իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց պատգամաւորներուն:
Նկատի ունենալով, որ այս ժողովի ընթացքին քուէարակութիւն տեղի պիտի ունենար սրբազան հօր պաշտօնավարութեան եօթնամեայ երկրորդ շրջանին համար, որ պիտի սկսէր 2010 թուականի Մայիսէն, ան կոչ ուղղեց պատգամաւորներուն, որ նկատի ունենալով առաջնորդին նուիրումը եւ անցած վեց տարիներու ընթացքին արձանագրուած նուաճումներն ու իրագործումները՝ դրական արտայայտուին իրենց քուէաթուղթին մէջ:
Քուէարկութենէն առաջ, թեմի Հոգեւորականաց համագումարի անունով, Արշակ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան կարդաց բանաձեւ մը, որ սրբազան հօր անձնուէր ծառայութիւնները նկատի ունենալով՝ կոչ կÿուղղէր պատգամաւորներուն դրական որոշում տալու:
Տեղի ունեցած գաղտնի քուէարկութեամբ, 109 պատգամաւորներէն 88ն որոշեց աթոռակալ Յովնան արք. Տէրտէրեանը պահել 7 տարուան նոր շրջանի մը համար: Որոշումը նամակով պաշտօնապէս հաղորդուեցաւ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին:
Ապա, հոգեւորականներ եւ սարկաւագներ մեծ թափօրով առաջնորդը եկեղեցի առաջնորդեցին՝ «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ: Սրբազան հայրը տուաւ հոգեւոր պատգամը եւ յառաջիկայ տարիներուն իր գործունէութեանց հիմնական կէտերը:
Ուրբաթ երեկոյեան ժամը 6ին, եկեղեցւոյ «Ճան Կոկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ՝ նախագահութեամբ առաջնորդին, որ ոգեւորիչ պատգամ մը տուաւ եւ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց իրեն վստահուած պաշտօնավարութեան նոր շրջանին համար: Թեմին անունով, ան նաեւ իր սէրն ու անվերապահ հաւատարմութիւնը յայտնեց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, որ յառաջիկայ տարուան Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին օծումը պիտի կատարէ Առաջնորդանիստ Մայր տաճարին:
Ճաշկերոյթին ընթացքին, սրբազան հայրը «Արքեպիսկոպոսի մրցանակ»ին արժանացուց թեմէն ներս 25 եւ կամ աւելի երկար տարիներ նուիրեալ ծառայութիւն ունեցող Ռապըրթ Պարսամին, Քրիս Եալտըզեանին եւ Վիլօ Հերպէքեանին: Ան նաեւ «Հայ Ոգի» շքանշանով եւ վկայագրով պատուեց տէր եւ տիկին Արմանտ Ագարակեանը եւ տէր եւ տիկին Հէրի Շէրինեանը:
Շաբաթ օր, ժողովի Գ. նիստին, առաջնորդարանի Խնամակալութեան ծրագրի ատենապետ դոկտ. Վահրամ Պիրիճիք մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ քահանայութեան թեկնածուներու ուսման եւ կեցութեան այս ծրագրին մասին:
Հայաստանի մէջ գործող «Յոյսի տուն» ծրագրին մասին մանրամասն տեղեկութիւններ հաղորդեց ժողովի ատենապետ Էտրիըն Գրիգորեանը:
Հոգեւորականաց թոշակի մասին իր տեղեկագիրը ներկայացուց Թեմական խորհուրդի անդամ Կրէկ æրգոյեանը:
Նկատի առնուեցաւ առաջնորդարանի տարեկան ամավարկը, որ միաձայնութեամբ վաւերացուեցաւ:
Շնորհակալութեան եւ գնահատութեան յանձնախումբին տեղեկագիրը ընթերցեց Լոս Անճելըսի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ պատգամաւորներէն Զանի Մկրեան:
Սրբազան հայրը նորակազմ Թեմական խորհուրդի պաշտօնի հաստատման արարողութիւնը կատարեց, իր օրհնութիւնները բաշխեց պատգամաւորներուն եւ աղօթեց անոնց քաջառողութեան եւ յարատեւ յաջողութեան համար, ապա կատարեց փակման աղօթքը:
Պատգամաւորական ժողովի աւարտին, գումարուեցաւ նորակազմ Թեմական խորհուրդի ժողովը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ պաշտօններու ընտրութիւնը:
Թեմական խորհուրդի 2009-2010 թուականի կազմը հետեւեալն է.
Յովնան արք. Տէրտէրեան (նախագահ), իրաւաբան Ճոզէֆ Կանիմեան (ատենապետ), Կրէկ æրգոյեան (փոխատենապետ), Ճորճ Ուզունեան (գանձապահ), Լիլի Ռինկ Պալեան (ատենադպրուհի), Պարետ Ծ. վրդ. Երէցեան, Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեան, Եղիա Ա. քհնյ. Հայրապետեան, Նարեկ Ա. քհնյ. Մատարեան, Ռապըրթ Պարսամ, իրաւաբան Ճէֆ Հազարեան եւ Արմէն Համբար: