Ըստ հայաստանեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռին, Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, գործարար Էդուարդ Էռնեկեանի հրաւէրով այցելած է Ուրուկուէյի զբօսաշրջութեան կեդրոններէն Փունթա տել Էսթէ ծովափնեայ քաղաքը, ապա մեկնած է Պուենոս Այրէս:
Այցելութեան շրջանակէն ներս, նախկին նախագահը հայկական «Քանթրի քլապ» ակումբին մէջ հանդիպած է արժանթինահայ խումբ մը մեծահարուստներու հետ: