ՊԱՔՈՒ, «Ռատիօլուր».- Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի ղեկավար Նովրուզ Մամետով, Երեքշաբթի օր, ատրպեճանական «Ազատլիկ» ռատիօկայանի եթերէն կատարած է՝ «Ինչո՞ւ կը ստեն ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները» հռետորական հարցադրումը:
Մամետով սուր քննադատութեան ենթարկած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները, մասնաւորապէս ամերիկացի համանախագահ Մէթիու Պրայզան: Մամետովի խօսքով՝ Փրակայի մէջ տեղի ունեցած Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպման ընթացքին հայկական կողմը ցուցաբերած է ոչ կառուցողական մօտեցում եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ ներկայացուցած է տարածքային պահանջներ, մինչդեռ համանախագահները հանդիպումէն ետք լրագրողներուն ըսած են, թէ հանդիպումը եղած է կառուցողական:
Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի ղեկավարը եկած է այն եզրայանգման, թէ համանախագահները յատուկ վերաբերմունք ունին Հայաստանի նկատմամբ, միւս կողմէ անոնց ձեռնտու է բանակցային գործընթացի ձգձգումը: Նովրուզ Մամետով ենթադրաբար յայտնած է այն կարծիքը, թէ՝ ամերիկացի համանախագահ Մէթիու Պրայզա, ղարաբաղեան հակամարտութեան բանակցութիւններուն մասին ապատեղեկատուութիւն կը հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային եւ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին՝ պաշտօնի բարձրացման ակնկալիքով: