ԱՐԱՄ ՍՈՒՐԷՆ ՀԱՄԲԱՐԵԱՆ
Հայ Դատը քեզ խորապէս կը շահագրգռէ:
Հպարտ ես քու ժառանգութեամբդ եւ լաւագոյնը կը ցանկաս Հայաստանի համար:
Պարզ դիտորդ մը չես: Յանձնառու հայ մըն ես եւ սիրով ուժդ ու ժամանակդ կը տրամադրես համայնքիդ բարօրութեան:
Բայց եւ այնպէս բազմազբաղ ես. աշխատանք, ընտանիք, դպրոց ու հազարումէկ այլ պարտաւորութիւններ կը խլեն ժամանակիդ կարեւոր մէկ մասը:
Իբրեւ հայ՝ մասնակից ես հայկական իրականութեան, սակայն բազմազբաղուածութիւնդ թոյլ չի տար, որ բոլոր ուզածներդ կարենաս ընել:
Ահա այդ պարագային, կը զգաս Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Հիմնադրամին նշանակութիւնը:
Ասիկա այն հպարտ կազմակերպութիւնն է, որ իր ծառայութիւններով եւ զոհաբերութիւններով ապահոված է հսկայական վաստակ, եւ որ պատնէշի վրայ կանգնած է ի պաշտպանութիւն հայ ազգի արժէքային համակարգին:
Ասիկա այն յառաջադէմ հաստատութիւնն է, որ բազմիցս ապացուցած է արդիւնաւէտ աշխատելու իր կարողութիւնը, բազմապատկած է համայնքի կարողականութիւնը՝ ժամանակակից արհեստագիտական բոլոր հնարաւորութիւններու օգտագործումով:
Ասիկա համայնքի բոլոր խաւերուն մէջ համակիրներու ու համագործակցողներու ստուար ցանցով օժտուած այն կազմակերպութիւնն է, որ կ՛ողջունէ ամերիկահայութեան ծոցէն եկած իւրաքանչիւր առաջարկ ու գաղափար:
Պարզապէս պէտք է ըսել, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Հիմնադրամը կրնայ իրականացնել սրտիդ մօտիկ բոլոր աշխատանքները, որոնց համար դուն, անձնապէս, ժամանակ չունիս տրամադրելու:
Նիւթական քու նեցուկդ Հիմնադրամին ուժեղ միջոց մըն է յատկապէս, որովհետեւ, ի տարբերութիւն այլ տուրքէ զերծ բարեգործական միութիւններու, այստեղ, քու առատաձեռնութեանդ շնորհիւ կը հզօրանայ հազարաւոր կամաւորներու նիւթական ու բարոյական օժանդակութեամբ յառաջ եկած հաւաքական մեր ներուժը եւ հնարաւորութիւններ կը ստեղծուին, որ հայ երիտասարդներ կարենան մարզուիլ ու պատրաստուիլ կառավարական պաշտօններ ձեռք ձգելու, որ հայութեան ընտրական ուժը աճի՝ նոր քուէարկողներու արձանագրութիւնը իրականացնելով, որ հակահայկական քարոզչութեան արագ հակազդելու միջոցները հզօրանան, որ ամերիկահայութիւնը զիրար շաղկապող, անոնց միջեւ հաղորդակցութեան ցանցը աւելի ազդու դարձնող արդիագոյն արհեստագիտութիւնը քայլ պահէ ժամանակի պահանջներուն հետ:
Ես կ՛ուզեմ վստահեցնել քեզի, որ այս Հիմնադրամը պիտի հետապնդէ քեզ հետաքրքրող այդ բոլոր նպատակները եւ դուն պիտի դառնաս հզօր, ազդեցիկ հաւաքականութեան մը անդամը:
Ահա՛, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Հիմնադրամի հանգանակային «թելեթոն»ի օրը այնքան ալ հեռու չէ, ու դուն առիթ պիտի ունենաս մասնակցութիւնդ բերելու եւ Հիմնադրամի կենսական առաքելութիւններուն նեցուկդ արտայայտելու: