ԱԹԷՆՔ.- Յունաստանի մէջ լոյս տեսնող «Քաթիմերինի» օրաթերթի Հինգշաբթի, 30 Ապրիլի թիւը կը պարունակէր թերթի խմբագիր Անտոնիս Քարքաեանիսի կողմէ յօդուած մը, ուր լրագրողը «կ՛արդարացնէր» Ամերիկայի նախագահ Պարաք Օպամայի կատարած ընտրութիւնը՝
Ցեղասպանութիւն բառը չօգտագործելու իմաստով։ Յօդուածին մէջ յատկանշականօրէն գրուած էր, թէ՝ «Նախագահ Պարաք Օպամա հաւանաբար սխալ մը գործեց, երբ խոստացաւ (եթէ նոյնիսկ խոստացաւ), թէ պիտի ճանչնայ 1.5 միլիոն հայերու սպանդը Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ, իբրեւ ցեղասպանութիւն։ Դրական էր անշուշտ իր կողմէ առնուած յաջորդական քայլը, երբ Թուրքիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին, ան չկրկնեց իր սխալը. թրքական խորհրդարանէն ներս ան խօսեցաւ անշուշտ սարսափելի պատահարներու մասին՝ նկարագրելով սուլթանական Թուրքիոյ բարբարոս վերաբերմունքին մասին հայերուն հանդէպ, բայց ուշադրութեամբ խուսափեցաւ «ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործելէ»։
Յօդուածի երկրորդ պարբերութեամբ Անտոնիս Քարքաեանիս փորձած է ցոյց տալ, թէ՝ «Հայութեան դէմ գործուած սպանդը բոլորովին տարբեր է քան ցեղասպանութեան հասկացողութիւնը։ Պատմութիւնը լեցուն է սպանդներով, որովհետեւ սպանդը քաղաքական միջոց է, որ կը ծառայէ ղեկավարող ուժերուն՝ քաղաքական եւ նիւթական շահ ձեռք ձգելու համար, հիմնականօրէն նաեւ իրենց ուժն ու տիրապետութիւնը հաստատելու գծով»։ Իսկ յօդուածին վերջին մասով, լրագրողը կ՛անդրադառնայ ուղղակիօրէն «ցեղասպանութիւն» բառի օգտագործման՝ ըսելով. «Ազգագրական բնաջնջումը նպատակ ունեցող արարք է ցեղասպանութիւնը, որ իրագործուեցաւ հրեաներուն դէմ, միմիայն իրենց ազգային ծագումին պատճառով։ Հետեւաբար իւրայատուկ երեւոյթ է հրէական ողջակիզումը եւ «ցեղասպանութիւն» բառը կը յարմարի միայն այս երեւոյթին…»։
Զայրացած յունահայ մամուլը անդրադառնալով վերոնշեալ յօդուածին՝ կը գրէ, որ Անտոնիս Քարքաեանիս անհասկնալի պատճառներով կը փորձէ «պատճառաբանել» նախագահ Օպամայի անհաճոյ դիրքաւորումը եւ ինքզինք կը հակասէ, երբ «ցեղասպանութիւն» եզրի բացատրութիւնը կու տայ ու մարդկային իրաւանց հարցերուն կ՛անդրադառնայ։
Արձագանգելով յոյն խմբագիրի սոյն յօդուածին՝ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը բողոքի նամակ մը ուղարկած է «Քաթիմերինի» օրաթերթի խմբագրութեան՝ թերթին մէջ հրատարակուած գրութեան առիթով: