ՊԱՔՈՒ.- Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիպ Էրտողան, Չորեքշաբթի օր, Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ իր հանդիպումէն ետք ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիան չի կրնար հրաժարիլ Ղարաբաղեան հարցի լուծումը հետապնդելէ, եւ որ հայ-թրքական սահմանի բացումը պայմանաւորուած է հայկական ուժերու «գրաւուած տարածքներէն» դուրս գալով:
«Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ իրավիճակը անընդունելի է եւ երբեք ալ պիտի չընդունուի: Սահմանի փակումը արդիւնք է Ղարաբաղի բռնագրաւման», յայտարարած է Էրտողան սոյն մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
Թուրքիոյ վարչապետը նաեւ Մինսկի խումբի համանախագահներուն կոչ ուղղած է արագացնելու Ղարաբաղի հարցին լուծումը:
Նոյն մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահը յայտնած է, որ Թուրքիոյ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու յստակ յայտարարութիւնները կ՛ապացուցեն, որ Հայաստանի հետ սահմաններու բացման հարցը փակուած է:
«Ես կը կարծեմ, որ այս հարցը պատմութիւն դարձաւ արդէն եւ մենք պէտք չէ այլեւս անդրադառնանք անոր», յայտարարած է Ալիեւ «Սի.Էն.Էն Թուրք» կայանէն ուղիղ եթերով սփռուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
«Սահմանի բացման մասին տեղեկութիւնները Հայաստանի զանգուածային լրատուական միջոցներու կողմէ տարածուիլ սկսան Փետրուարի կէսերուն: Պատճառը, որ ատրպեճանական հասարակութեան մօտ յառաջացաւ որոշ մտավախութիւն, այն էր, որ այդ տեղեկութիւնները անհրաժեշտ մակարդակով չէին մեկնաբանուէր: Տարբեր երկիրներ ներկայացնող բարձրաստիճան անձեր իրենց ելոյթներուն մէջ կը խօսէին հայ-թրքական յարաբերութիւններու մասին իբրեւ արդէն փաստացի իրականութիւն: Այս իրավիճակը Ատրպէյճանի մէջ կասկածներ յառաջացուց: Ապրիլի կէսերուն այդ կասկածներուն վերջ դրուեցաւ», յայտնեց Իլհամ Ալիեւ:
Վարչապետ Էրտողան իր նոյն դիրքորոշումները կրկնեց Ատրպէյճանի խորհրդարանին առջեւ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին, ուր յստակ դարձուց, որ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն հարցը ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումն է:
«Մենք ճիգ կը թափենք ատրպեճանական հողին վրայ խաղաղութիւն հաստատելու համար, ատրպէյճանցի փախստականները պէտք է վերադառնան իրենց բնակավայրերը: Հայ-թրքական բանակցութիւններուն մէջ մենք նախ եւ առաջ կը մտածենք այդ մասին», յայտնած է Էրտողան:
«Միլլի Մեճլիսի ամպիոնէն կը դիմեմ ամբողջ աշխարհին. անհրաժեշտ է դադրեցնել ատրպեճանական հողերու բռնագրաւումը», յայտարարած է Թուրքիոյ վարչապետը:
Նշենք, որ «Հիւրրիյէթ»ի տեղեկագրութեամբ, Էրտողան, նախքան Պաքու մեկնիլը, Անգարայի օդակայանին մէջ լրագրողներուն յայտնած էր, որ Ատրպէյճանը իրեն համար հայրենիքի նման է, եւ որ ինք իր եղբայր Ալիեւին հետ կը մտադրէ քննարկել վերջին շրջանին ստեղծուած խնդիրները:
«Ոչ մէկ ուժ չի կրնար սեպ խրել մեր միջեւ», յայտարարած է Էրտողան Անգարայի մէջ, աւելցնելով, որ Թուրքիա ոչ մէկ քայլ պիտի առնէ առանց զայն համաձայնեցնելու Ատրպէյճանի հետ:
Պաքուէն ետք, Թուրքիոյ վարչապետը պիտի մեկնի Մոսկուա, ուր պիտի հանդիպի Վլատիմիր Փութինի հետ: Վերլուծաբաններու կարծիքով, Մոսկուայի հանդիպումներու թեման նոյնպէս, հիմնականին մէջ պիտի ըլլայ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը: