ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան զանազան ներկայացուցիչները յոյժ մտահոգիչ համարեցին Երեքշաբթի, Մայիս 12ին հրապարակուած «Մէտիքէր»ի եւ Ընկերային ապահովութեան ծրագիրներու մասին նորագոյն տուեալները:
Արդարեւ, ըստ «Մէտիքէր»ի հոգաբարձական կազմի նորագոյն տեղեկագրին, տարեցներու բժշկական սպասարկութիւններ տրամադրող «Մէտիքէր» ծրագիրը ակնկալուածէն երկու տարի առաջ՝ 2017ին, սնանկանալու վտանգը կը դիմագրաւէ, եթէ ծրագիրը փոփոխութեանց ենթարկող անմիջական քայլեր չառնուին:

Նախագահ Պարաք Օպամայի կառավարութիւնը, որ արդէն իսկ նախաձեռնած է առողջապահական ընդհանուր դրոյթի բարեփոխման, կը յուսայ «Մէտիքէր»ի վիճակը բարելաւել այդ բարեփոխումներուն ընդմէջէն:
Օպամա Հինգշաբթի օր հանդիպում մը ունեցաւ Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նէնսի Փելոսիի հետ, որ խոստացաւ առողջապահական համակարգը բարեկարգելու թղթածրարը Օգոստոսի արձակուրդէն առաջ օրակարգի վրայ դնել:
Հանգստեան կոչուող ամերիկացիներու վերաբերող Ընկերային ապահովութեան ծրագրին կացութիւնը համեմատաբար նուազ մտահոգիչ է, սակայն այդ եւս պէտք է բարեփոխել, որովհետեւ այլապէս, ծրագիրը կրնայ սնանկանալ 2037ին, ինչ որ նախապէս ակնկալուածէն չորս տարի աւելի կանուխ է:
Միւս կողմէ, Չորեքշաբթի օր հաղորդուեցաւ, թէ վաճառքներու համեմատութիւնը դարձեալ անկում մը արձանագրած է Ապրիլ ամսուան ընթացքին՝ 0.4 տոկոսով, մինչ բնակարաններու մեծ թիւով սեփականատէրեր դժուարութիւն կ՛ունենան իրենց պարտքերուն վճարումերը ժամանակին կատարելու: