ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան, խօսելով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին՝ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է. «Երբ մեր իշխանութիւնն անթաքոյց ասում է, որ կարեւոր խնդիրը սահմանի բացումն է, հզօր զէնք է տալիս Թուրքիայի ձեռքը»:
Ըստ Յովհաննիսեանի, հայ-թրքական յարաբերութիւնները անհրաժեշտ են, բայց առաջին քայլը պէտք չէ ըլլայ սահմանի բացումը: Ըստ դաշնակցական ղեկավարին, գործընթացը պէտք է անցնի երեք փուլերէ. դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում՝ առանց նախապայմաններու, ապա՝ կողմերու մերձեցում, իսկ 3րդ փուլին՝ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատում: Սահմանի բացման, տարածքներուն եւ Ցեղասպանութեան մասին պէտք է խօսիլ միայն 2րդ եւ 3րդ փուլերուն:
«Հիմա մեզ պարտադրում են օրակարգի վաղուան հարցերը քննարկել այսօր: Դրանք նախապայմաններ են եւ ուրիշ ոչինչ: Եթէ այսօր մեր առջեւ դրւում են նախապայմաններ, ուրեմն, պէտք է գործընթացը դադրեցնել, դուռը փակել եւ վերջ: Մենք նախապայմաններին համաձայն չենք», յայտնած է Յովհաննիսեան:
Այս անհամաձայնութեան պատճառով է, որ ՀՅԴն դուրս եկաւ իշխանական «կոալիցիա»էն եւ հրաժարեցաւ պաշտօններէն: