ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Մայիս 13ին «Հայելի» ակումբը կազմակերպած էր Երեւանի աւագանիի յառաջիկայ ընտրութիւններուն համար անհրաժեշտ սկզբունքներու ճշդումը, որպէսզի ժողովուրդը գիտակցուած ընտրութիւն կատարէ:
Գլխաւոր երկու բանախօսներէն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ, ԱԺ պատգամաւոր Ալվարդ Պետրոսեան անդրադարձաւ վերջերս տեղի ունեցած բռնարարքներուն. «Մենք դեռ Մարտ 1ը չենք մարսել: Չի կարելի աւագանի կամ քաղաքապետ ընտրուելու համար նման ճանապարհ ընտրել», ըսաւ պատգամաւորը եւ զգուշացուց, թէ Եւրոպան շատ ակնդէտ կը հետեւի Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն: «Վայ մեզ, եթէ նման բաներ լինեն: Ես չեմ պատկերացնում, թէ ինչպէ՛ս կարելի է այս անգամ էլ անզգոյշ վարուել: Չպէտք է գնալ նմանատիպ քայլերի եւ ամէն անգամ նոյն ջուրը մտնել», ըսաւ Ա. Պետրոսեան: Ան անհրաժեշտ գտաւ, որ քաղաքային իշխանութիւնները եւ ապագայ աւագանին հասուն գործելակերպ ներկայացնեն: «Իսկ հիմա ճղճիմ պարզունակ հաշիւներ են պահանջում, թէ ինչո՞ւ է Արծուիկ Մինասեանը միայն նոր Երեւանի գրանցում ստացել»: Ան անգամ մը եւս յիշեցուց Վահան Յովհաննիսեանի ըսածը, թէ՝ Երեւանի բնակիչներէն ի՞նչ տոկոսը բնիկ երեւանցիներ են: «Ես շատ կ՛ուզենայի, որ թեկնածուներին, ովքեր յաւակնում են այդ պաշտօններին, աւելի շատ գործնական հարցեր տանք, քան ընկնենք մանրուքների հետեւից», եզրափակեց Ա. Պետրոսեան:
Նոյն բանավէճին, Հայ ազգային կոնգրէսի անդամ, Հայաստանի Սոցիալ-դեմոկրատական Հնչակեան կուսակցութեան ատենապետ Լիւդմիլա Սարգսեան յայտնեց, թէ իրենց պայքարի հիմնական նպատակը «աւազակապետական բուրգի փլուզումն է», եւ եթէ արդար ընտրութիւններ տեղի ունենան, ապա ընդդիմութիւնը անպայման պիտի յաղթէ:
Արձագանգելով Ա. Պետրոսեան յայտարարեց, թէ այսօրուան իշխանութիւնները «ավազակախումբ» անուանելով՝ կարելի է որեւէ բանի հասնիլ: «Քաղաքական կոռեկտութիւն (ճշդութիւն-Խմբ.) պէտք է դրսեւորենք: Ընդդիմութիւն լինելու համար պարտադիր չէ զազրախօսութեամբ զբաղուել: Երբ բան չունես ասելու՝ այդ դէպքում ես գնում զազրախօսութեան»: Ա. Պետրոսեան յիշեցուց, թէ մինչեւ 1998 թուականը ինք, իբրեւ դաշնակցական, ընդդիմութեան կը պատկանէր, բայց երբեք անպատշաճ խօսքեր չէ գործածած: «Չեմ ընդունել ՀՀՇին, բայց երբեք չեմ մտածել, որ այդտեղ այլազգիներ են: Մենք այդքան մեծ ժողովուրդ չենք, որ նման կերպ մտածենք», մատնանշեց դաշնակցական պատգամաւորը: