ՊՈԼԻՍ, «Զաման».- Մարտինի մէջ անցեալ շաբաթ կատարուած ահաւոր սպանդէն ետք, Թուրքիոյ իշխանութիւնները սկսած են քննել Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ պայքարելու համար հաստատուած գիւղական պահակներու դրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու կամ ջնջելու կարելիութիւնները, որովհետեւ անոնք էին, որոնք 44 հարսնեւորներ սպաննած էին ընտանեկան վէճի մը պատճառով:
Քրտամէտ Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութիւնը համամիտ է, որ այս դրութիւնը ջնջուի՝ յայտնելով, թէ անոր հետեւանով «քիւրտը քիւրտի կողմէ կը կոտորուի»։
Կուսակցութիւնը բողոքած է պետական նախարար ու կառավարութեան խօսնակ Ճէմիլ Չիչէքի դէմ, որ կրկին արտասանած է բանավէճի նիւթ դարձած նախադասութիւն մը։ Ճէմիլ Չիչէք ըսած է. «Գիւղական պահակներու դրութեան ջնջումը Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութեան կողմէ պահանջուիլն անգամ բաւարար պատճառ է, որպէսզի այդ դրութիւնը շարունակուի»։
Կուսակցութեան իրաւական հարցերու յանձնախումբի նախագահ եւ Պաթմանի երեսփոխան Պէնկի Եըլտըզ դիտել տուաւ, որ Ճէմիլ Չիչէք ազգայնապաշտ, մոլեռանդ, ժողովուրդներու թշնամի մարդու մտայնութիւն ունի, եւ նախապէս եւս քանիցս արտայայտած է իր այս մտայնութիւնը։ «Վերջին ընտրութիւններէն ետք, երբ ան «ասոնք Հայաստանի սահմանին հասան» ըսած էր, ան Հայաստանի հետ դրացի ըլլալէն իսկ անհանգստացող մարդու մտայնութիւն ունէր», ըսաւ Պէնկի Եըլտըզ։ Ան աւելցուց. «Երբ ան կը պաշտպանէ գիւղական պահակներու դրութիւնը, յայտնի կը դարձնէ, որ չէ կրցած մարսել ժողովրդավարութիւնը: Ան այնքան յետադիմական է, որքան յետադիմական են պահակները»։
Կառավարութիւնը կը քննէ նաեւ քիւրտ անջատողականներուն ներում շնորհելու միջոցներ, քրտական շրջաններու զարգացման ու շարք մը այլ ծրագիրներ: