ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Հինգշաբթի, Մայիս 14ին, ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան գլխաւորած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն մը՝ նուիրուած Շահումեան շրջանէն (Քարվաճառ) ներս տիրող իրավիճակին եւ հետագայ զարգացման հեռանկարներուն:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած է շրջանի կենսագործունէութեան բոլոր ոլորտներուն վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ:
Նախագահ Սահակեան շարք մը յանձնարարականներ փոխանցած է համապատասխան կառոյցներու ղեկավարներուն: Նախագահը կարեւոր նկատած է շրջանի տարբեր ոլորտները որակաւոր աշխատողներով համալրելու հարցը: