ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ընդառաջելով Հ.Յ.Դաշնակցութեան դիմումին՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամը որոշած է 50,000 տոլար նուիրել Դաշնակցութեան արխիւներու հիմնարկին:
Շնորհակալութիւն յայտնելով նշեալ հիմնադրամի հայկական բաժինին՝ ՀՅԴ արխիւներու հիմնարկի տնօրէն Վաչէ Բրուտեան եւ արխիւներու հրատարակութեան պատասխանատու Երուանդ Փամպուքեան Մայիս 14ին ողջունած են այդ որոշումը՝ ընդգծելով հիմնադրամի հայկական բաժինի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Եկաւեանի յանձնառութիւնը հայ մշակութային եւ ազգային արժէքներու պահպանման ու տարածման գործին մէջ:

Անոնք յատկապէս նշած են Զ. Եկաւեանի դերակատարութիւնը՝ հայկական ազգային եւ մշակութային հաստատութիւններուն նիւթական զօրակցութիւն ապահովելու ուղղութեամբ, համոզում յայտնելով, որ այս ազգանուէր գործը պիտի շարունակուի նաեւ հետագային:
Վաչէ Բրուտեան յայտնած է նաեւ, որ այդ նուիրատուութեամբ կարելի պիտի դառնայ ոչ միայն արդիական սարքաւորումներով ապահովել ՀՅԴ արխիւներու հիմնարկը, այլեւ աւելի արդիւնաւէտ դարձնել կատարուող աշխատանքները: