ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան՝ համախոհական կառավարութենէն դուրս գալէ ետք թափուր մնացած պաշտօններէն առայժմ համալրուած են երեք նախարարական պաշտօններ, սակայն ԱԺին մէջ այս գործընթացը տակաւին չէ ամբողջացած, թէեւ պարզուած են հիմնական յաւակնորդները:
Ուշագրաւ է այն հանգամանքը, թէ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) որոշած է առանձին համալրել թափուր մնացած պաշտօններուն զգալի մասը:
«Երկիր» գործակալութեան որոշ աղբիւրներու համաձայն, Ազգային ժողովի փոխխօսնակ պիտի նշանակուի ԱԺի ՀՀԿ խմբակցութեան քարտուղար, Մարտ 1ի դէպքերը ուսումնասիրող յանձնախումբի նախագահ Սամուէլ Նիկոյեանը, թէեւ նախապէս լուրեր տարածուած էին այն մասին, թէ այս պաշտօնին համար պիտի նշանակուէր ՀՀԿ մամլոյ քարտուղար Էդուարդ Շարմազանովը:
Արմէն Աշոտեանը կրթութեան եւ գիտութեան նախարար նշանակուելէ ետք, կրթութեան, գիտութեան, մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան հարցերու ԱԺի յանձնախումբի նախագահի թափուր տեղը մնացած է ՀՀԿի տնօրինութեան տակ, եւ բուռն քննարկումներէ ետք, անոր հաւանական թեկնածու նկատուած է ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեանի որդին՝ Արման Սահակեանը:
Նկատի ունենալով, որ Եւրոպայի մէջ ներառման ԱԺ յանձնախումբի նախագահ, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամ Աւետ Ադոնց շուտով կը նշանակուի Պրիւքսէլի մօտ լիազօր դեսպան, որշուեցաւ նաեւ անոր փոխարէն այդ պաշտօնին համար նշանակել նոյն կուսակցութեան անդամ տոքթ. Արմէն Մելիքեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.