Ինչպէս հաղորդած էինք, Հիւսթըն քաղաքին մէջ, 17-26 Ապրիլին կայացած 42րդ համաշխարհային շարժանկարի փառատօնին մասնակցած էր Յարութիւն Խաչատրեանի «Սահման» ժապաւէնը։ Այս շարժանկարը ընդգրկուած է «Ռէմի» դասակարգին մէջ եւ դատակազմի կողմէ արժանացած է ամենաբարձր՝ փլաթին մրցանակին։
Յարութիւն Խաչատրեան, իր տպաւորութիւնները բաժնելով լրագրողներու հետ՝ ըսաւ, թէ մրցանակաբաշխութեան ընթացքին իր սիրտը սաստիկ տրոփած էր, երբ «Սահման»ին անունը չէր հնչած ոսկեայ մրցանակակիրներու ցանկին մէջ։ «Ես յուսահատութեան մատնուեցայ, քանի որ չէի գիտեր, թէ աւելի բարձր՝ փլաթինէ մրցանակներ եւս կան», յայտնեց բեմադրիչը։
«Սահման»ը քանի մը օր վերջ, 3 Մայիսին, մասնակցեցաւ նաեւ Սիրաքիւզի միջազգային փառատօնին եւ հոն եւս մրցանակին արժանացաւ։
«Սահմանը» պատմութիւն մըն է գոմէշի մը մասին, որ հայ-ատրպեճանական սահմանը կ՛անցնի եւ որուն օգնութեամբ երեւան կը հանուին երկու հարեւան ժողովուրդներու միջեւ առկայ դժուարին հիմնահարցերը, սահմանամերձ գիւղի կենցաղը, մարդոց կրօնական ու մշակութային առօրեան։