ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու, ատենապետներու եւ պատասխանատու պաշտօնեաներու պատուիրակութիւնը Հադրութի վերակառուցուած շրջանային հիւանդանոցի բացման արարողութենէն ետք, Մայիս 13ին ուղղուեցաւ Ստեփանակերտ, ուր, վարչապետ Արա Յարութիւնեանի հետ, ծանօթացաւ հիմնադրամին կողմէ ԼՂՀի մէջ կատարուած այլ ծրագիրներու, ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուեցաւ նոր ու նորոգուած կառոյցներու յանձնման եւ բացումի արարողութիններուն:
Պատուիրակութեան անդամներուն յաջորդ կանգառը պիտի ըլլայ Բերդաշէն գիւղը (Մարտունիի շրջան), ուր արդէն շահագործման յանձուած է ջրագիծը:
Վարչապետ Յարութիւնեան բարձր գնահատեց հիմնադրամին ծաւալած գործունէութիւնը Արցախի մէջ՝ գոհունակութեամբ նշելով ԼՂՀ կառավարութեան եւ այդ կառոյցին միջեւ սերտացող համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ հիմնադրամին յատկացուցած միջոցները լիովին կը տրամադրուին հաստատուած ծրագիրներուն եւ կը գտնուին պատշաճ վերահսկողութեան տակ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.