Քալիֆորնիոյ համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ տեղի ունեցաւ Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան տարեկան ութերորդ գիտական մրցանքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւարտական հանգրուանին հասած 81 հայ աշակերտներ, միջնակարգ ու երկրորդական վարժարաններէ:
Մարտ 29ին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան արարողութենէն առաջ տեղի ունեցաւ հռչակաւոր հայ հնարողներու նուիրուած տեսաերիզի մը ցուցադրութիւնը եւ զարգացման մրցում մը: Ապա «Ճէյ.Փի.Էլ.»ի գիտնականներէն դոկտ. Վարուժան Կորճեան ներկայացուց նոր մոլորակներ ու աստղեր յայտնաբերելու աշխատանքին մասին դասախօսութիւն մը:
Ապա, ընկերակցութեան գիտական մրցանքի յանձնախումբի ատենապետուհի դոկտ. Մարինա Կէօվրէքեան յանձնեց շքանշաններն ու 50-500 տոլարի միջեւ տարուբերող մրցանակները:
Տարբեր բաժանմունքներու մէջ առաջին հանդիսացող աշակերտներն էին Խաժակ Պոռնազեան («Ալէք Փիլիպոս»), Նանոր Քասապեան («Շամլեան»), իսկ խմբային մրցումներուն առաջնութիւնը խլեցին «Ֆերահեան»էն երկու խումբեր, որոնցմէ առաջինին մէջ կային Դալար Գոսաքեան ու Դանիա Քուրպէսոյեան, իսկ երկրորդին մէջ՝ Կարէն Պոսթանեան, Գէորգ Տէրտէրեան ու Շանթ Գէորգ:
Երկրորդ հանդիսացան Ռազի Եղիազարեան, Ճինք Ապագեանց ու Միքայէլ Մաթոսեան («Մանուկեան Տէմիրճեան»), ինչպէս նաեւ Արթին Գալստեան («Մերտինեան»):
Երրորդ դիրքի վրայ էին Զօրիկ Քէճէճեան («Ֆերահեան») ու Էլէն Պէկեան («Շամլեան»):
Յատուկ յիշատակութեան արժանացան նաեւ Քաթրինա Կումուշեանի, Լենա Սարգիսեանի, Լոռի Ճիկէրեանի («Յովսէփեան») ու Դալար Գէորգեանի («Մանուկեան-Տէմիրճեան») գործերը: