ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Հայաստանի ոստիկանութեան մամլոյ ծառայութիւնը տարածած է հաղորդագրութիւն մը, ըստ որուն Երեւան-Սեւան մայրուղիի կէս ճանապարհին, ճամբեզրի ձորակին մէջ, իրաւապահներ անցեալ Ուրբաթ օր յայտնաբերած են ամերիկահայ գործարար Նազարէթ Յակոբ Պէրպէրեանի դիակը՝ բռնութեան հետքերով:
Թէ ինչպէ՞ս յայտնաբերուած է դիակը՝ առայժմ ոստիկանութիւնը այդ մասին ոչինչ հաղորդած է: Բայց ըստ հետաքննող-լրագրող Էդիկ Պաղտասարեանի, կարելի է ենթադրել, որ կայ ձերբակալուած անձ (կամ անձեր), որ, ամենայն հաւանականութեամբ, ցոյց տուած է դիակի գտնուելուն վայրը:
Հաշուի առնելով նախաքննութեան շահերը՝ ոստիկանութիւնը չէ հրապարակած դէպքի հանգամանքները եւ կասկածելիներուն անունները:
Հաղորդագրութեան համաձայն, «ԼիլՆար» Փակ բաժնետիրական ընկերութեան տնօրէն, 1951ի ծնած ԱՄՆ քաղաքացի Նազարէթ Յակոբ Պէրպէրեան, որուն ինքնաշարժը յայտնաբերուած էր «Զուարթնոց» օդակայանի ինքնաշարժներու կանգառին մէջ, 28 Ապրիլէն ի վեր կը փնտռուէր իբրեւ անհետք կորսուած: Ամերիկահայ գործարար Նազարէթ Պէրպէրեան 25 Ապրիլին, ժամը 20:00ի շուրջ, դուրս եկած էր իր բնակարանէն եւ այլեւս չէր վերադարձած: Այդ օրէն սկսեալ, անոր մասին տեղեկութիւն չունէին ո՛չ հարազատներն ու մտերիմները, ո՛չ ալ ընկերներն ու անոր հիւրանոցի շինարարութեամբ աշխատողները: Ըստ Է. Պաղտասարեանի, առայժմ չեն յաջողած պարզել, թէ արդեօ՞ք իրաւապահները օդակայանի ինքնաշարժներու կանգառին մէջ տեղադրուած տեսախցիկներէն օգտուելով՝ կրցած են որեւէ բան պարզել:
Կ՛ենթադրուի, որ յանցագործը (կամ յանցագործները) ինքնաշարժը կանգնեցուցած ըլլան «Զուարթնոց»ի ինքնաշարժներու կանգառին մէջ՝ փորձելով այդ ձեւով հետքերը կորսնցնել, կամ ալ՝ յանցագործներէն մէկը Նազարէթի ինքնաշարժով հասած է «Զուարթնոց» եւ հեռացած Հայաստանէն: Արդեօք մեքենային մէջ մատնահետքեր յայտնաբերուա՞ծ են, դարձեալ հնարաւոր չէ այս մէկը պարզել ոստիկանութենէն:
Ոստիկանութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ՝ «Նախաքննութեան շահերից ելնելով՝ դէպքի հանգամանքները եւ յանցագործութիւն կատարածների անունները ոստիկանութիւնը չի հրապարակում»:
Սովորաբար, երբ ոստիկանութիւնը նման հաղորդագրութիւն կը տարածէ, ատիկա կը նշանակէ, որ արդէն կան ձերբակալուածներ եւ յայտնի են յանցագործութիւն կատարողներուն անունները: Եւ անունները չեն հրապարակուիր միայն այն պարագային, երբ փախուստի մէջ մարդիկ կան: Այսինքն, կարելի է ենթադրել, որ յանցագործութիւն կատարածներէն մէկը կամ քանի մը հոգին փախուստի մէջ են:
Պէրպէրեանի կառուցած հիւրանոցը կը գտնուի Երեւանի կեդրոնը՝ Հանրապետութեան հրապարակէն մօտ 200 մեթր հեռու՝ Աբովեան-Պուշկին փողոցներու խաչմերուկին վրայ, Հիւսիսային պողոտայի հարեւանութեամբ: Կը նշանակէ, որ անիկա ունի շատ բարձր գին: Առհասարակ, Երեւանի կեդրոնին մէջ նմանատիպ կառուցապատում իրականացնողներուն մէջ որեւէ պատահական մարդ չկայ:
Նազարէթ Պէրպէրեան ԱՄՆ քաղաքացի է: Ան իր ընտանիքին հետ Երեւանէն Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուած է 1970ականներու սկիզբը: Նազարէթի ընտանիքը՝ կինը, զաւակները եւ քոյրը, կ՛ապրին ԱՄՆ: Լոս Անճելըսի մէջ Ն. Պէրպէրեան ունի խանութներու ցանց մը:
1990ականներու կէսերուն, Ն. Պէրպէրեան տեղափոխուած է Երեւան եւ գնած է Արարատ մարզի Դալար գիւղին մէջ գտնուող գորգագործական գործարանը: Ան բարեգործութիւններ կ՛ընէր ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Արցախի մէջ, իսկ վերջին շրջանին որոշած էր Հայաստանի մէջ իրականացնել առեւտրական մեծ ծրագիր մը:
Հիւրանոցը կառուցելով՝ Նազարէթ ծրագրած էր ձեւաւորել «զբօսաշրջութեան շրջան». շէնքի առաջին եւ 2րդ յարկերուն վրայ պիտի տեղակայուէին յուշանուէրներու խանութներ: Բացի ատկէ՝ հիւրանոց իջեւանած զբօսաշրջիկներուն հնարաւորութիւն պիտի տրուէր այցելելու Դալարի գորգագործութեան գործարանը, ծանօթանալու գորգերու ձեռագործ արտադրութեան, իսկ ցանկութիւն ունենալու պարագային, գնելու ոչ միայն իրենց հաւնած սովորական գորգը, այլեւ շատ մատչելի եւ փոքրիկ «յուշանուէր-գորգեր»: Վերջին շրջանին Նազարէթ Պէրպէրեան Հայաստանի տարբեր բնակավայրերուն մէջ փնտռած էր հնաոճ իրեր՝ հիւրանոցը եւ գորգի գործարանը ուրոյն ձեւով կահաւորելու եւ ձեւաւորելու համար:
Ըստ «Հետք»ի լրագրող Էդիկ Պաղտասարեանի ձեռք ձգած տեղեկութիւններուն, միջազգային ֆինանսատնտեսական ճգնաժամէն ետք Պէրպէրեան ունեցած էր որոշ դժուարութիւններ: Ան բանակցութիւններ կը վարէր միջազգային հիւրանոցային ցանց ունեցող երկու ընկերութիւններու հետ՝ անոնց կողմէ ներդրումներ ակնկալելով: Թէ ի՞նչ ընթացք ունեցած են բանակցութիւնները՝ դժուար է ըսել, քանի որ ան բնաւորութեամբ «փակ» էր եւ իր ծրագիրներուն մասին շատ քիչ կը խօսէր:
Ն. Պէրպէրեան թիկնապահներ չունէր եւ կը շրջէր մինակ:
Մասնագէտներ կառուցուող հիւրանոցին արժէքը կը գնահատեն 20 միլիոն տոլարով: Ն. Պէրպէրեան տարածքին հետ կապուած խնդիրներ ունէր: Տարածքը, որուն վրայ կը կառուցուի հիւրանոցը, տակաւին ամբողջութեամբ իրեն չի պատկանիր։ Ամերիկահայ գործարարին ընկերութիւնը այդ տարածքին միայն 50 տոկոսի մասով պայմանագիր կնքած էր քաղաքապետարանին հետ:
Բայց ասոնք ընդամէնը ենթադրութիւններ են: Հաւանաբար մօտ օրերս ոստիկանութիւնը կը հրապարակէ սպանութեան բուն դրդապատճառը:
Պէրպէրեանի հարազատները Հայաստան չեն գացած, սակայն Երկուշաբթի օր անոր ընտանիքին ներկայացուցիչը պիտի ժամանէր Երեւան: