ԱՆԳԱՐԱ, «Հիւրրիյէթ».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան Շաբաթ, Մայիս 16ին Սոչիի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութինի հետ՝ քննելով յատկապէս ուժանիւթի մարզին մէջ գործակցութիւնը սերտացնելու կարելիութիւնները:
Շարք մը այլ հարցերու կողքին, երկու վարչապետները քննած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը եւ պատրաստակամութիւն յայտնած են հարկաւոր քայլերու դիմելու, որպէսզի կարելի ըլլայ տագնապին արագ լուծում մը գտնելը:
Էրտողան հանդիպման ընթացքին յայտնած է, թէ Թուրքիա եւ Ռուսիա պէտք է շրջանային հարցերու, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ, քայլերու դիմեն, յատկապէս այս օրերուն, երբ Թուրքիա անդամ է ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին, որուն մնայուն անդամներէն մէկն է Ռուսիան:
Ռուսիոյ վարչապետը, իր կարգին յայտնած է, թէ երկու երկիրները Լեռնային Ղարաբաղի հարցին արագ լուծումը կը փափաքին։ «Փոխզիջումը պէտք է գտնեն հակամարտող կողմերը, իսկ մնացած բոլոր երկիրները, որոնք կ՛օգնեն գտնելու կարգաւորման փոխզիջումային տարբերակը, կրնան հանդէս գալ միայն իբրեւ միջնորդ եւ երաշխաւոր», աւելցուցած է Ռուսիոյ վարչապետը:
«Ես համոզուած եմ, որ համատեղ քայլերով մենք պիտի կարենանք յառաջխաղացք արձանագրել շարք մը հարցերու մէջ, որոնց կարգին են հայ-ատրպեճանական հակամարտութիւնը, Կիպրոսի եւ այլ խնդիրներ», աւելցուցած է Թուրքիոյ վարչապետը:
Նախքան Ռուսիա մեկնիլը, Էրտողան դարձեալ յայտնած էր, թէ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի փակումը կ՛առնչուի Լեռնային Ղարաբաղի հարցին։ «Թուրքիա Հայաստանի հետ իր սահմանային դարպասները պիտի չբանայ, եթէ այս հարցը չլուծուի։ Թուրքիան իր եղբայր Ատրպէյճանը առանձին պիտի չձգէ», ըսած էր ան։
Էրտողան նշած է նաեւ, որ շրջանային երկիր մը ըլլալով՝ «Թուրքիա անկարելի է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով լուռ մնայ։ Թուրքիա Հայաստանի հետ սահմանները փակեց այդտեղ կատարուած միջամտութեան իբրեւ արդիւնք»։
Էրտողան նաեւ դիտել տուած է, որ Թուրքիա կարեւոր քանակութեամբ կազ կը ստանայ Ռուսիայէն եւ ասոր համար ալ շնորհակալութիւն յայտնեց Փութինին։
Փութին-Էրտողան տեսակցութիւնը այս անգամ աւելի բացորոշ կերպով մէջտեղ դրաւ այն համագործակցութիւնը, զոր իրարու հետ հաստատել ու զարգացնել կը ջանան Ռուսիա եւ Թուրքիա։ Մասնաւորաբար կազի խնդիրին մէջ, Էրտողան ուզեց ցոյց տալ, որ Ռուսիա վստահելի երկիր է Թուրքիոյ համար՝ անուղղակիօրէն ազդարարութիւն մը ուղղելով Ատրպէյճանի հասցէին։
Փութինի հետ հանդիպումէն առաջ, Էրտողան լրագրողներուն յայտնեց, թէ անցնող վեց տարուան ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ կարեւոր զարգացումներ տեղի ունեցան։ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիա աւելի պիտի ընդլայնէ Ռուսիոյ հետ ներկայիս տարեկան 35 միլիառ տոլարի հասնող առեւտուրի ծաւալը։
Փութին ըսաւ նաեւ, թէ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները ամբողջական համագործակցութեամբ կը ծաւալին՝ նշելով, որ Ռուսիա Թուրքիոյ առեւտրական գլխաւոր գործընկերն է։
Ռուսիոյ վարչապետը, իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրն ու Թուրքիա ստորագրած են երկարաձգել բնական կազի մատակարարման համաձայնութիւն մը, որուն ժամկէտը կ՛աւարտի 2012ին։ Ռուսիա նաեւ կ՛ուզէ աւելի մեծ դերակատարութիւն ունենալ Թուրքիոյ հիւլէական ուժանիւթի մարզը ընդարձակելու աշխատանքներուն մէջ: