ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Կիրակի, Մայիս 17ին, տասնեակ հազարաւոր թուրքեր դարձեալ բողոքի ցոյց մը կատարեցին իսլամական արմատներ ունեցող Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան՝ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան որդեգրած քաղաքականութեան դէմ, պահանջելով կառավարութեան հրաժարումը:
Ցուցարարները դատապարտեցին աշխարհիկ սկզբունքներուն դէմ որդեգրուած շարք մը քայլեր եւ ազգայնամոլներու «Էրկէնէքոն» ահաբեկչական կազմակերպութեան հարցով տեղի ունեցած ձերբակալութիւնները: