Ատոմ Էկոյեանի «Պաշտամունք» ֆիլմը սկսած է ներկայացուիլ Ֆրանսայի մէջ: Մինչ «Լիպերասիոն» թերթը կը գտնէ որ ֆիլմը, ի վերջոյ, ձանձրացուցիչ է, «Գանառ Անշէնէ» ընդհակառակը կը հաստատէ՝ նշելով, թէ Ատոմ Էկոյեանի ոչ մէկ ֆիլմը անտարբեր կը թողու եւ խիստ շահեկան կը գտնէ հետազօտական այն աշխատանքը, որ Էկոյեան տարած է ինքնութեան փնտռտուքին մէջ: