ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Անցեալ շաբաթավերջին «Փիլիպոս» վարժարանի աշակերտները երկու անգամով, Ուրբաթ եւ Շաբաթ երեկոյեան, համադասարանցիներու, ծնողներու եւ հետաքրքրուողներու լայն շրջանակի մը ներկայացուցին Նիլ Սայմընի «Խենթերը» թատերախաղը՝ իսկապէս տպաւորիչ խաղարկութեամբ:
Ազգային «Փիլիպոս» վարժարանի տնօրէնութիւնը հրաշալի գաղափարը յղացած էր դպրոցէն ներս սկսելու թատրոնի դասընթացք մը՝ գործի հրաւիրելով «Տիսքավըրի ան սթէյճ» մասնագիտացուած ընկերութեան բեմադրիչ-ուսուցիչներ Տոմինիք Քաթրանպօ եւ Ճերըմի Քէնթ Ճաքսըն:
Երկու դերուսոյց արուեստագէտները դուրս բերին փիլիպոսցի անփորձ ու ամչկոտ աշակերտ-աշակերտուհիներու խումբէն մշակուած դերասաններ, որոնք իրենց հանդիսատեսին առջեւ համարձակ ու համոզիչ խաղարկութիւն մը ցուցաբերեցին:
Ես ալ դերասաններէն մէկուն՝ Մհերին հայրը ըլլալով, կը զգուշացնեմ շահագրգռուած ու կողմնակալ մօտեցումի մը փորձութեան մասին: Այսուհանդերձ, առարկայականութեան գիտակից ճիգիս ու այլոց հակազդեցութեան վրայ վստահելով՝ հաստատաապէս կրնամ ըսել, որ համայնքի մէջ գործող թատերախումբերը կրնան իրենց շարքերը թարմացնող թեկնածուներ փնտռել այս խումբին մէջ, եւ ձեզ կը վստահեցնեմ, որ պիտի չզղջան:
Նիլ Սայմընի «Խենթեր»ը զաւեշտական թատերախաղ մըն է, որ կը ներկայացնէ ապուշ մնալու անէծքին ենթակայ գիւղի մը բնակիչներուն փորձը՝ ազատագրուելու անէծքէն՝ գիւղ հրաւիրելով ուսուցիչ-դաստիարակ մը:
Ուսուցիչը կը սիրահարի գիւղի բժիշկի դուստրին հետ, որուն ձեռքը օրական երկու անգամ յաճախականութեամբ կը խնդրէ «չար» կոմսը: Ուսուցիչի հնարամտութեան շնորհիւ, Կոմսին «չարութիւնը» կը չէզոքացուի եւ անէծքը վերացնելու պայմանը կը ստեղծուի:
Աշխոյժ պատկերներու, զաւեշտական փոխասացութիւններու շարան մը հրամցուեցաւ հանդիսատեսին՝ երկու ժամեայ հաճելի ժամանց մը պարգեւելով անոր:
Յատկանշական է, որ դերասան աշակերտները նաեւ մասնակից եղած էին բեմադրական աշխատանքի բոլոր փուլերուն, մինչեւ իսկ բեմայարդակի պատրաստութեան:
Աշակերտները հպարտ էին: Ծնողները՝ առաւե՛լ եւս: Տնօրէնութիւնը հրճուանքի մէջ էր:
Երանի թէ կարելի ըլլայ այս ծրագիրին շարունակականութիւնը ապահովել:
Կը շնորհաւորենք բոլոր դերասանները՝ ուսուցիչ դաստիարակի դերը ստանձնած Միհրան Օկարեանը, բժիշկը՝ Ճորճ Քէչքարեանը, բժիշկին կինը՝ Թամար Աթմաճեանը, հովիւ, բայց ոչխարները միշտ կորսնցնող Պիայնա Այվազեանը, բժիշկին աղջիկը՝ Սաթինէ Կուլէզեանը, գիւղի մսավաճառը՝ Ճորճ Տէրմէնճեանը, խանութպանուհին՝ Վիգի Յակոբեանը, նամակաբերը՝ Հայկ Տէր Ղեւոնդեանը, պահակն ու քահանան՝ Վարդան Ճարաթանեանը եւ չար «Կոմս»ը՝ Մհեր Պողիկեանը:
Թատերախաղին պատշաճ երաժշտութիւնը ապահովեց Ռիչըրտ Սթապզ՝ կենդանի նուագով, փիլիպոսցի զոյգ եղբայրներ Գէորգ եւ Գրիգոր Խուպէսէրեանները, յատկապէս այս թատերախաղին համար «ստեղծեցին» պատրաստուած սարքերով ձայնային բոլոր արտայայտութիւնները, բեմական կառավարումը կատարեց Մէրի Դաւթեանը, որուն օգնեց Վանա Աբրահամեանը, իսկ ծանուցումները պատրաստեց Նիքոլ Անդոյեանը: