Ռուսիոյ եւ Հայաստանի ելեւմուտի նախարարներ Ալեքսէյ Քուտրին եւ Տիգրան Դաւթեան, Չորեքշաբթի օր, Մոսկուայի մէջ ստորագրեցին 500 միլիոն տոլար վարկի շուրջ համաձայնագիր մը: Վարկը պիտի տրամադրուի 15 տարուան ժամկէտով՝ ԼԻԲՕՐ առաւել տարեկան 3 տոկոս տոկոսադրոյքով:
Նշենք, որ նախարարներու հանդիպումը կատարուած է Եւրասիական տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան հերթական հաւաքի շրջանակէն ներս: Հայաստան նշեալ կազմակերպութեան մէջ ունի դիտորդի կարգավիճակ:
Անդրադառնալով վարկին՝ Քուտրին նշած է, թէ հիմնական պարտքին մարումը պիտի սկսի միայն 5 տարի ետք: Դաւթեան, իր կարգին յայտնած է, որ՝ «Վարկին պայմանները համարժէք են Հայաստանի տնտեսութիւնում առկայ պայմաններին», եւ թէ այս համաձայնագիրը կը հաստատէ երկկողմանի ռազմավարական համագործակցութեան բարձր մակարդակը:
Հայաստանի նախարարին համաձայն, վարկով ձեռք բերուած միջոցները պիտի տրամադրուին Հայաստանի տնտեսութեան խթանման եւ փոքր ու միջին ձեռնարկութեանց աջակցելու նպատակին: «Այս պայմանաւորուածութիւնը լուրջ աջակցութիւն է Հայաստանի տնտեսութեանը՝ ներկայիս ճգնաժամի պայմաններում», ռուսական լրատուամիջոցներուն յայտնած է հայ նախարարը:
Նշենք, որ սոյն վարկը տրամադրելու խնդրանքով Հայաստան Ռուսիոյ դիմած էր ընթացիկ տարուան սկիզբը: Իսկ Ռուսիա զարգացման վարկեր արդէն տրամադրած է Պելոռուսին եւ Ղրղզստանին՝ յաջորդաբար 1.5 միլիառ եւ 300 միլիոն տոլարի ծաւալով, եւ ըստ Ալեքսէյ Քուտրինի, տակաւին այլ երկիրներ, ինչպէս՝ Չինաստան, Հնդկաստան եւ Պուլկարիա, դիմումներ կը ներկայացնեն Ռուսիոյ՝ վարկեր ստանալու միտումով: