ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդին, ինչպէս նաեւ «Թարկէթ» եւ «Փարսընզ» ընկերութեանց հովանաւորութեամբ, Կիրակի, Յունիս 7ին, Փասատինայի քաղաքապետարանին առջեւ տեղի պիտի ունենայ անվճար համերգ մը՝ մասնակցութեամբ «Փասատինա Փափս»ի, առաջնորդութեամբ խմբավար Ռէյչըլ Ուորպլիի:
Նախքան երեկոյեան ժամը 7:30ին սկսելիք համերգը, ժամը 5:30էն սկսեալ տեղի պիտի ունենան նաեւ այլ միջոցառումներ:
Քաղաքապետարանը կը գտնուի Հոլի եւ Կարֆիլտ փողոցներուն անկիւնը: