ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի եւ Հինգշաբթի, Մայիս 20-21ին, Պաղտատի եւ հիւսիսային Իրաքի Քէրքուք քաղաքին մէջ տեղի ունեցած շարք մը զինեալ յարձակումներու եւ պայթումներու հետեւանքով, սպաննուեցաւ մօտաւորապէս 70 հոգի:
Զոհերուն մէջ կային նաեւ ամերիկացի երեք զինուորներ, որոնք սպաննուեցան Հինգշաբթի օր տեղի ունեցած յարձակումներուն ընթացքին: Յարձակումները տեղի ունեցած են այն միջոցին, երբ ամերիկեան զինուորական ուժերը կը պատրաստուէին հեռանալու Իրաքի գլխաւոր քաղաքներէն: