ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վերջին քանի մը օրերուն Թուրքիոյ մամուլը մեծ տեղ յատկացուցած է շրջանային ատեանի մը այն վճիռին, որ կ՛առնչուի նախագահ Ապտուլլահ Կիւլին 1990ականներու գործունէութեան:
Ատեանը հասած էր այն եզրակացութեան, որ Կիւլը կարելի է դատարան բերել, որովհետեւ անոր հասցէին կատարուած զեղծարարութեան ամբաստանութիւնները կ՛առնչուին այն օրերուն, երբ ան նախագահ չէր, այլ անդամ էր ապօրինի հռչակուած իսլամական Բարօրութիւն կուսակցութեան: Հարցը պիտի քննուի վճռաբեկ ատեանի մը կողմէ:
Նախագահը Չորեքշաբթի, Մայիս 20ին յայտնեց, որ սիրով պիտի ընդառաջէ դատարանին, որովհետեւ վստահ է, թէ անպարտ պիտի արձակուի, սակայն մտահոգ է, որ նախագահը դատարան բերելու քայլը կրնայ վնաս հասցնել նախագահութեան աթոռին, որ «երկրին ամենաբարձր աթոռն է եւ որ երկրին ամբողջական միասնութիւնը կը խորհրդանշէ»։
«Այսպիսի դատավարութեան մը կամ վճիռի մը ցոլացումը այս երկրին մէջ չի տեսնուիր, այլ դուրսն է, ուր ազդեցութիւն կը գործէ։ Ասոնք հարցեր են, որոնք կապ ունին Թուրքիոյ վարկին հետ», ըսաւ Կիւլ։
Կիւլ յիշեցուց, որ անհետացած գումարներու հարցին մէջ ինք պատասխանատուութիւն չունի, որովհետեւ այդ շրջանին ինք կուսակցութեան դրամական հարցերով չէր զբաղեր։