ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ
Տրամաբանօրէն, մարզախաղերու մասնակցող մարզիկը, երբ խաղի կը պատրաստուի ու դաշտ կը ներկայանայ, միշտ ալ կը ձգտի յաղթելու, որուն համար իր մտային կարողութիւնները ի գործ դնելով՝ ֆիզիքապէս կը փորձէ նուիրագործել յաղթանակը, սակայն գիտենք, որ խաղի մէջ մէկը պիտի յաղթէ, իսկ միւսը՝ պիտի յաղթուի։
Մարզական ոգիի ըմբռնումը մեզ կը մղէ, որ պարտութեամբ գիտնանք մեր ջիղերուն տէրը ըլլալ, յառաջիկայի հաշւոյն աւելի լաւ պատրաստուիլ ու զօրանալ եւ մանաւանդ ձգտիլ լաւագոյնին։
ՀՄԸՄի մարզիկը պիտի գիտնայ, թէ երբ ինք այս անզուգական միութեան շապիկը կը կրէ, պարտութեան պարագային իսկ յաղթանակ մը կրած է իր մասնակցութեամբ, խաղաոճով, դաշտի վրայ ցուցաբերած իր օրինակելի ընթացքով ու քալուածքով, ի վերջոյ ան պիտի ըմբռնէ, որ ինք ազնուագոյն ցեղի մը զաւակն է ու անոր ժառանգորդը, հետեւաբար պարտաւոր է տարբեր ըլլալ ուրիշներէն. ի մասնաւորի, երբ ան կը մրցի իր իսկ պատկանած միութեան մասնաճիւղերու խումբերուն հետ. հոն այլեւս երբեք յաղթողի ու յաղթուողի վիճակ չի մնար, որովհետեւ յաղթողը ՀՄԸՄն է եւ յաղթանակը ՀՄԸՄին միայն կը վայելէ։
Ահա այս գիտակցութեամբ է, որ մեր մարզական խումբերը կը միանան Նաւասարդեան խաղերու դրօշին տակ եւ իրենց ապրումներով կը խտացնեն մեր ժողովուրդի գաղափարական իտէալներն ու պայքարը եւ զայն կ՛արտայայտեն ՀՄԸՄի վեհատենչ նշանաբանով՝ «Բարձրացի՛ր-Բարձրացո՛ւր»ով։
ՀՄԸՄԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
=====================================================================================
ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 34րդ Մարզախաղերը Ոգեւորութեամբ Կը Շարունակուին
Շաբաթ, 9 Մայիսին, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս ազգ. վարժարանէն ներս սկիզբ առած ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 34րդ մարզախաղերու պասքէթպոլի զտումի մրցումները մեծ ոգեւորութեամբ կը շարունակուին, բազմահարիւր մարզիկ-մարզիկուհիներու մասնակցութեամբ:
Անցնող շաբաթավեջին, Պըրմինկհամ Հայ Սքուլի մարզադաշտերուն վրայ, շրջանի ՀՄԸՄի տարեկան մեծագոյն ձեռնարկը նկատուող այս մարզախաղերը յաղթական իրենց երկրորդ շաբաթը աւարտեցին՝ մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով մրցող երկսեռ խումբերուն եւ մրցումներուն հետեւող մարզասէր հասարակութեան մօտ:
Այս տարի եւս Նաւասարդեան մարզախաղերը կ՛ընդգրկեն պասքէթպոլի, վոլիպոլի, ֆութպոլի, թեթեւ աթլէթի, թենիսի, լողի, փինկ-փոնկի եւ ճատրակի մարզաճիւղերը: Հակառակ որդեգրուած բազմաթիւ մարզաձեւերուն, պէտք է ընդգծել, թէ Նաւասարդեան մարզախաղերուն ամենալայն ժողովրդականութիւնը կը վայելէ պասքէթպոլի մարզաճիւղը, որուն շրջանի 17 մասնաճիւղերու ԱԱԱ-Է դասակարգերէն 239 երկսեռ խումբեր կը մասնակցին շրջանի ՀՄԸՄի հետեւեալ մասնաճիւղերէն.
* ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ – 22 խումբ
* ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղ – 8 խումբ
* ՀՄԸՄի Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղ – 8 խումբ
* ՀՄԸՄի Մոնթեպէլլոյի մասնաճիւղ – 6 խումբ
* ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղ – 26 խումբ
* ՀՄԸՄի Կլէնտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ – 73 խումբ
* ՀՄԸՄի Օրէնճ Քաունթիի «Սարդարապատ» մասնաճիւղ – 9 խումբ
* ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղ – 38 խումբ
* ՀՄԸՄի Սան Տիէկոյի «Սեւան» մասնաճիւղ – 3 խումբ
* ՀՄԸՄի Ինլընտ Էմփայրի «Արազ» մասնաճիւղ – 2 խումբ
* ՀՄԸՄի Սանթա Քլարայի «Անի» մասնաճիւղ – 2 խումբ
* ՀՄԸՄի Գրեսէնթա հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղ – 32 խումբ
* ՀՄԸՄի Պըրպէնքի «Սիփան» մասնաճիւղ – 7 խումբ
* ՀՄԸՄի Լաս Վեկասի «Արցախ» մասնաճիւղ – 3 խումբ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նահատակաց օրուան առիթով, Նաւասարդեան մարզախաղեր տեղի պիտի չունենան 23-25 Մայիսի երկար շաբաթավերջին: Պասքէթպոլի զտումի մրցումները պիտի վերսկսին 30-31 Մայիսի շաբաթավերջին Պըրմինկհամ Հայ Սքուլի մարզադաշտերուն վրայ, 17000 Haynes, Van Nuys, CA 91406:
Մինչ պասքէթպոլի մրցումները կը շարունակուին, միւս կողմէ լուրջ աշխատանք կը տարուի կազմակերպելու նաեւ մնացեալ մարզաճիւղերու մրցումները, որոնց թուականներու դասաւորումները հետեւեալ ձեւով կատարուած են.
Լողի մրցումները տեղի պիտի ունենան 13 Յունիս 2009ի ամբողջ օրը California State University of Northtrige (CSUN) լողաւազաններուն մէջ:
Թեթեւ աթլէթի մրցումները՝ 14 Յունիս 2009ի ամբողջ օրը, Կլէնտէյլ քոլէճի մարզադաշտերուն վրայ:
Ֆութպոլի մրցումները՝ 21 եւ 28 Յունիսին, ինպէս նաեւ 2-5 Յուլիսին, որոնց վայրը յառաջիկային պիտի յայտարարուի:
Թենիսի, փինկ-փոնկի, ճատրակի եւ վոլիպոլի մրցումները տեղի պիտի ունենան 2-5 Յուլիս 2009ին, Պըրմինկհամ Հայ սքուլի շրջանակէն ներս:
Վստահ ենք, շրջանի մարզասէր հասարակութիւնը ամբողջական ներկայութիւն պիտի ըլլայ Նաւասարդեան մարզախաղերուն եւ պիտի քաջալերէ մրցող խումբերը, որոնցմէ նոր չափանիշներ կ՛ակնկալուին:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կարելի է այցելել Նաւասարդեանի առիթով ստեղծուած www.navasartiangames.com կայքէջը, կամ դիմել info@navasartiangames.com համացանցի հասցէին: Կարելի է հեռաձայնել նաեւ Շրջանային վարչութեան գրասենեակ՝ (323) 344- 4300 թիւին: