ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Մայիս 25ին սկսած են Ստեփանակերտի օդակայանի վերակառուցման նախապատրաստական աշխատանքները: Օդակայանի եւ ուղեւորային համալիրի կառուցման կապալառու՝ «Հորիզոն-95» շինարարական ընկերութեան տնօրէն Գագիկ Գալստեան, «Արմէնփրէս»ին յայտնած է, որ երկարատեւ դադարէ մը ետք Արցախի մէջ առաջին օդանաւը կրնայ վայրէջք կատարել 2010 Հոկտեմբերին:
Այս աշխատանքներուն զուգընթաց, «Հորիզոն-95»ը պիտի սկսի Ստեփանակերտի գիւղամթերքի տարրալուծարանի եւ Շուշիի ԼՂՀ գլխաւոր դատարանի շէնքերու կառուցման: