ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Էլմար Մամետեարով, Դամասկոսի մէջ, անցեալ Կիրակի, Իսլամական խորհրդաժողովի անդամ երկիրներու 36րդ նիստին մասնակցելէն ետք խռսելով լրագրողներու հետ, յայտնած է, որ Հայաստան «բացասական ճնշում կը բանեցնէ» ղարաբաղի հարցի կարգաւորման բանակցութիւններու վրայ:
«Ես կը փափաքէի կառուցողական գոնէ մէկ ձայն լսէի Հայաստանի կողմէ», յայտարարած է Մամետեարով, աւելցնելով, որ Սերժ Սարգսեանի իշխանութելան գալէն ի վեր հայ-ատրպեճանական բանակցութիւններուն մէջ նոյնիսկ կէս քայլ յառաջխաղացք չէ արձանագրուած: