ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Ահմէտ Տաուտօղլու, անցեալ Կիրակի, Դամասկոսի մէջ գումարուած Իսլամական երկիրներու խորհրդաժողովի 36րդ նիստին մասնակցելէ ետք, նոյն նպատակով Դամասկոս գտնուող Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ իրեն տրամադրուած ինքնաթիռով Պաքու մեկնեցաւ, տեղւոյն վրայ քննարկելու համար Ղարաբաղի բանակցութիւններուն հետ կապուած հարցեր:
Նշենք, որ հազիւ տասնմէկ օր առաջ Տաուտօղլու դարձեալ Պաքու գացած էր՝ ընկերակցելով Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանին:
Ըստ Անատոլիա լրատուական գործակալութեան, Տաուտօղլու Պաքուի մէջ պիտի քննարկէ նաեւ ուժանիւթի մատակարարման հետ կապուած խնդիրներ:
Ատրպեճանական մամուլո գործակալութեան լրագրողին հետ խօսելով, Տաուտօղլու յայտնած է, թէ «Մինսկի խումբը ձախողած է բարելաւում մտցնելու Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ճիգերուն»:
Շարունակելով իր խօսքը, Տաուտօղլու յայտնած է, որ «Մենք Պաքու պիտի մեկնոքն պարոն Էլմար Մամետեարովի հետ: Ատրպէյճանը մեր եղբայր երկիրն է, որուն հետ մենք միշտ սերտ յարաբերութիւն ունեցած ենք եւ կը բաժնենք նոյն ճակատագիրը: Այդպէս եղած է անցեալին եւ այդպէս ալ պիգտի ըլլայ ապագային: Ոչ ոք կասկած թող չունենայ այդ մասին»:
Պաքուի մէջ Տաուտօղլու պիտի հանդիպի Ատրպէյճանի նախագահին ու արտաքին գործերու նախարարին հետ:
«Ես պիտի հանդիպիմ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ արտաքին գործերու նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ: Մենք պիտի քննարկենք բոլոր հարցերը, ներառեալ Ղարաբաղի հակամարտութիւնը:
Որոշ աշխուժութիւն կը զգացուի 17 տարի սառած մնացած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գծով: Հայաստանը գրաւուած կը պահէ ատրպեճանական հողատարածքները եւ այս իրավիճակը չի համապատասխաներ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի շահերուն: Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահները շուտով պիտի հանդիպին եւ տարբեր չափորոշիչներով քննարկեն հարցերը: Կը յուսանք, որ այս աշխուժութիւնը պիտի արդիւնաւորուի եւ լուծում մը պիտի գտնուի, որ պիտի գոհացնէ երկու կողմերը: