ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մայիս 25ին կայացած »Հայաստան. դիմակայելով համընդհանուր աղէտին« տնտեսագիտական համաժողովի ընթացքին, ՀՀ Կեդրոնական դրամատան փոխնախագահ Վաչէ Գաբրիէլեան համոզմունք յայտնեց, որ «Այժմ Հայաստանում դրամի փոխարժէքը «լողում է», իսկ ֆինանսական կայունութեան տեսանկիւնից այլեւս խնդիրներ չկան»:
Ըստ Վ. Գաբրիէլեանի՝ դրամի արժէքը կայուն պահելու նպատակը միայն եղած է հանրապետութեան մէջ ապահովել ֆինանսական կայունութիւն, որուն համար պատասխանատու է ՀՀ Կեդրոնական դրամատունը:
«Փոխարժէքի ամրագրման նպատակ կամ ցանկութիւն Կենտրոնական բանկը չի ունեցել», հաւաստիացուց ԿԲ փոխնախագահը՝ ընդգծելով, որ ֆինանսական կայունութիւնը գին ունի եւ անոր բացակայութիւնը կրնայ աղէտալի ըլլալ, ինչպէս եղած է այլ երկիրներու պարագային: