ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Արծիւ Վասպուրականի» յուշակոթողին մօտ (Աշտարակ-Ագարակ ճամբուն եզրին), Մայիս 24ին տեղի ունեցաւ «Վասպուրական» հայրենակցական միութեան աւանդական տօնահանդէսը՝ նուիրուած Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութեան 94րդ տարելիցին եւ անուանի գիտնական, հասարակական գործիչ, ակադեմիկոս Վարազդատ Յարութիւնեանի 100, ու բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի 90 ամեակներուն:
Տօնահանդէսին կը մասնակցէին հանրապետութեան տարբեր շրջաններու մէջ ապրող վասպուրականցիներ:
«Վասպուրական» հայրենակցական միութեան նախագահ Դաւիթ Զադոյեան իր ելոյթին ընթացքին յիշեց այն մեծանուն վանեցի գործիչները, որոնք ժամանակին մեծ դերակատարութիւն եւ վաստակ ունեցած են Վանի եւ առհասարակ հայութեան հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ:
Տօնահանդէսին ելոյթ ունեցաւ «Վասպուրական» մանկապատանեկան երգի-պարի խումբը եւ հնչեցին զուարճապատումներ՝ Վանի բարբառով: