ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «ՓանԱրմինեըն».- Մայիս 25ին ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան հանդիպած է Ռուսիայէն Արցախ ժամանած խումբ մը հայ անուանի գիտնականներու հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի կրթութեան եւ գիտութեան զարգացման եւ գիտատար արտադրութեան զարգացման հետ կապուած շարք մը հարցեր:
Նախագահ Բ. Սահակեան խրախուսած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ժամանակակից տեղեկատուական գիտարուեստի զարգացման համալիր ծրագիրը, որ կը ներառէ Արցախի համալսարանին մէջ տեղի ունենալիք համապատասխան ձեռնարկներ: Երկրի ղեկավարը կարեւոր նկատած է գիտակրթական ոլորտին մէջ սփիւռքի հետ փոխգործակցութեան շարունակական ամրապնդումը՝ զայն համարելով Արցախի զարգացման յուսալի գրաւական:
Հանդիպման ներկայ եղած են ԼՂՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Վլատիկ Խաչատրեան, Ռուսիոյ մէջ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Ալպերթ Անդրեան եւ Արցախի պետական համալսարանի տնօրէն Ստեփան Դադայեան: