ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մայիս 25ին, Երեւանի «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ հայերու միութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած ամենամեայ մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ներկայ էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, վարչապետ Տիգրան Սարգսեան եւ պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ:
Մրցանակաբաշխութիւնը իրականացուցած էին հանրապետութեան տարբեր ստեղծագործական միութիւններ, քանի մը թեմաներով՝ «Հայը 21րդ դարասկզբին», «Հայաստանը համայն հայութեան հայրենիքն է», «Լաւագոյն գիտական աշխատանք», «Հայաստանը եւ հայաստանցիները նկարչի աչքերով», «Հայ ժամանակակից կոմպոզիտորական արուեստի ստեղծագործական ձեռքբերում»։
Մրցանակներու արժանացան գիտական եւ ստեղծագործական մտաւորականութեան 34 ներկայացուցիչներ, իսկ «Ոսկէ խա»չ շքանշաններ շնորհուեցան իրենց 80ամեայ յոբելեանները տօնած Յովհաննէս Չէքիճեանին եւ Ճիւան Գասպարեանին:
Ռուսիոյ հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան հաւաստեց, որ նշեալ նախաձեռնութիւնը պիտի կրէ աւանդական բնոյթ: «Հայաստանի մշակոյթի նախարարի հետ պայմանաւորուել ենք յաջորդ տարի մրցանակաբաշխութիւնը դարձնել համահայկական, որի շրջանակներում ակտիւ կը համագործակցենք Սփիւռքի նախարարութեան հետ», աւելցուց նախագահը:
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան շնորհաւորելով մրցանակակիրները՝ յոյս յայտնեց, որ նման միջոցառումներ, որոնք կը խթանեն երկրի մշակութային եւ գիտական ստեղծագործական աշխատանքը, կազմակերպուին աւելի յաճախակի։
Մրցանակաբաշխութեան այս տարուան հովանաւորն էր Սամուէլ Կարապետեանը։