ՍԷՈՒԼ, «Ռոյթըրզ».- Հակառակ պատժամիջոցներու ենթարկուելու սպառնալիքներուն, Հիւսիսային Քորէայի իշխանութիւնները Երեքշաբթի, Մայիս 26ին հրթիռային երկու փորձեր եւս կատարեցին՝ միաժամանակ կոչ ընելով բոլոր նաւերուն, որ հեռու մնան իր արեւմտեան ջուրերէն, ուր հաւանաբար նոր փորձեր պիտի կատարուին:
Մէկ օր առաջ, Հիւսիսային Քորէայի մէջ հիւլէական ռումբի մը ընդյատակեայ պայթում կատարուած էր, ինչ որ քննադատուած էր միջազգային համայնքին կողմէ: ՄԱԿը կը քննէ Փիոնկեանկի դէմ նոր պատժամիջոցներ որդեգրելու կարելիութիւնները: