11 Մայիս 2009ին, Զուիցերիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ՝ Աբէլ քհնյ. Մանուկեան, «Արմէնիա» հիմնադրամի նախագահ Վահէ Գաբրաշ, Զուիցերիոյ հայերու միութեան նախագահ Զարեհ Քիւրքճեան եւ նոյն միութեան անդամ Կարօ Թորոսլու, հանդիպում մը ունեցան Զուիցերիոյ մօտ Վրաստանի դեսպան Կէորկի Կորկիլածէի հետ։
Հանդիպման ընթացքին հայ համայնքի ներկայացուցիչները իրենց մտահոգութիւնները յայտնեցին Սամցխէ-æաւախքի մէջ հայ բնակչութեան ներկայ վիճակին, Վրաստանի մէջ Հայց. եկեղեցւոյ իրաւական կարգավիճակին ու «Միասնական æաւախք» ժողովրդական դաշինքի առաջնորդ Վահագն Չախալեանի դէմ անարդար վճիռի արձակման մասին։
Չախալեանի հարցին կապակցութեամբ, զուիցերահայ համայնքի ներկայացուցիչները ներկայացուցին կարգ մը պահանջներ, ինչպէս՝ հաստատել Վահագն Չախալեանի ֆրանսացի փաստաբանին կացութիւնը, դադրեցնել բանտին մէջ Չախալեանի դէմ գործադրուած բռնութիւնները եւ ազատ արձակել զայն։
Դեսպան Կորկիլածէ խոստացաւ զուիցերահայ համայնքին մտահոգութիւններն ու պահանջները փոխանցել վրացի իշխանութիւններուն եւ քանի մը օրէն պարզաբանումներ տալ ներկայացուած հարցերուն վերաբերեալ։
Հանդիպման աւարտին զուիցերահայ համայնքի ներկայացուցիչները շեշտեցին, թէ պիտի հետեւին զարգացումներուն՝ մօտիկ ուշադրութիւն կեդրոնացնելով վրացահայութեան ճակատագրին վրայ։