Պահը արդէն հասաւ:
Վաղը կէսօրէ ետք ժամը երեքին կը սկսի Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Հիմնադրամի հանգանակային թելեթոնը:
Կազմակերպիչները պատրաստած են վեց ժամնոց ծրագիր մը, որու ընթացքին պիտի ներկայացուի գեղարուեստական յայտագիր եւ Հայ Դատի վերաբերեալ նիւթեր:
Ծրագրի ընթացքին պիտի ըլլան նաեւ կոչեր ու դիմումներ, որոնք պիտի փորձեն ձեր մասնակցութիւնը ապահովել համազգային նշանակութեամբ այս հանգանակային արշաւին:
Ձեռնարկի համազգային նշանակութեան մասին կը վկայեն բազում փաստեր:
Արդարեւ, Ուաշինկթընէն սկսեալ մինչեւ ամերիկեան խուլ անկիւններ տարածուող Հայ Դատի ճանաչումը ապահովող աշխատանքները ոչ մէկ հատուածական բնոյթ ունին, ոչ մէկ կուսակցութեան շահերով կամ գաղափարներով չեն ղեկավարուիր:
Այդ աշխատանքներու անցեալի ձեռք բերած արդիւնքներով հպարտ ենք բոլորս, անխտիր:
Այդ աշխատանքներու արդիւնքներուն շնորհիւ մեր համայնքը ձեռք բերած է լայն ճանաչում ոչ միայն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, այլեւ ամբողջ աշխարհի մէջ:
Ճանաչում եւ հեղինակութիւն:
Ճանաչում եւ ազդեցութիւն:
Այդ աշխատանքներու արդիւնքներէն է, որ հայ երիտասարդ տղաներ ու աղջիկներ հպարտութեամբ ու ինքնավստահութեամբ քաղաքական ասպարէզ մտնելու հեռանկարներ կը փայփայեն ու ծրագիրներ կը մշակեն:
Այդ աշխատանքներու գնահատականը տուած է նախ եւ առաջ մեր ժողովուրդը՝ իր անսակարկ նեցուկով:
Այդ աշխատանքներու գնահատականը տուած է հայոց պետութիւնը, որ երախտագիտօրէն կը հետեւի, ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն կը խրախուսէ այդ աշխատանքները, իր արտաքին քաղաքական մշակումներուն մէջ հաշիւ կÿընէ անոնց վրայ:
Այդ աշխատանքներու գմահատականը տուած են մեր հակառակորդները՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի իշխանաւորները, ո-րոնց հակահայ քաղաքականութեան առանցքային ծրագիրներուն մէջ միշտ նկատի առնուած են այդ աշխատանքներու արդիւնքները չէզոքացնելու կոչուած ձեռնարկներ, որոնց համար անոնք միլիոնաւոր տոլարներ կը յատկացնեն իրենց պետական հարուստ պիւտճէներէն:
Փաստերը համոզիչ են: պահանջուածն ալ, հասկնալիօրէն, կ՛ենթադրէ զոհողութիւն, մանաւանդ տնտեսական այսօրուան պայմաններուն: բայց ուրիշ ելք չկայ, ուրիշին չենք կրնար վստահիլ: Պարտաւորութիւնը մերն է, մեր հաւաքականութեան: Մարտահրաւէրը մերն է, մեր հաւաքականութեան դէմ
ծառացած է ու մենք հաւաքաբար պիտի դիմագրաւենք զայն:
Մեր կոչը.
Մասնակցեցէ՛ք այս հանագանակային արշաւին անպայման:
Մասնակցեցէ՛ք ձեր կարողութեան չափով:
Մասնակցեցէ՛ք ձեր կարողութենէն քիչ մը աւելիով: