ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Սարդարապատի յուշահամալիրի մէջ Մայիս 28ին կազմակերպուեցաւ տօնակատարութիւն՝ նուիրուած Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հռչակման 91րդ տարեդարձին:
Սարդարապատի հերոսամարտի ընթացքին նահատակուած զինուորներու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու գացած էին նախագահ Սերժ Սարգսեանը, ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեանը, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներ, Զինուած ուժերու բարձրագոյն սպայակազմը, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներ, պաշտօնատար այլ անձեր, դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ: Տօնակատարութեան մասնակցեցան նաեւ սփիւռքահայեր, օտարազգիներ:
Նախագահի գլխաւորութեամբ հիւրերը այցելեցին նաեւ Հայաստանի ազգագրութեան եւ ազգային-ազատագրական պայքարի պետական թանգարան, ուր ներկայացուած էին Հայաստանի պատմութեան թանգարանէն, Ազգային արխիւէն, Ազգային պատկերասրահէն բերուած ցուցանմուշներ:
Սարդարապատի հերոսամարտի 91ամեակի կապակցութեամբ կազմակերպուած տօնակատարութեան ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Արմաւիրի մարզի մանկապատանեկան, ազգագրական երգի-պարի խումբեր:
Հանրապետութեան տարբեր մարզերու կողմէ կազմակերպուած էր հիւրասիրութիւն՝ նախորդ դարասկիզբի ամենայաղթական վայրին մէջ ստեղծելով գիւղական կեանքի մթնոլորտ: Բերք ու բարիքի ցուցադրութեան ուղեկցուեցան մարզային տարբեր երաժշտախումբերու համերգներ:
Մայիսեան հերոսամարտերու յաղթանակին 91ամեակի առիթով տօնակատարութիւններ կազմակերպուած են նաեւ Ապարան, Վանաձորի եւ այլ մարզերու մէջ: