Համարձակ յայտարարութեամբ մը Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան առաջին անգամ ըլլալով ընդունեց, որ անցեալ դարուն տասնեակ հազարաւոր յոյներու արտաքսումը Թուրքիայէն ֆաշական քայլ մըն էր, կը գրէ «Ռոյթըրզ»։
Կարգ մը յօդուածագիրներ Էրտողանի յայտարարութիւնը համարեցին վերագրում մը 1923ին մէկուկէս միլիոն յոյներու Թուրքիայէն դէպի Յունաստան արտաքսման։ Բնակչութեան այդ մեծածաւալ փոխանակումը ընդգրկեց նաեւ կէս միլիոն թուրքերու Յունաստանէն Թուրքիա վերադարձը։
Այլ դիտորդներ դիտել տուին, թէ Էրտողան ակնարկած էր թուրք աւազակախումբերու կողմէ յոյներու պատկանող հազարաւոր խանութներու եւ տուներու աւարառութեան, որ տեղի ունեցաւ Պոլսոյ մէջ 6 եւ 7 Սեպտեմբեր 1955ին, երբ տարածուեցան սուտ լուրեր, թէ՝ Թեսաղոնիկէի մէջ, Յունաստան, գտնուող Աթաթուրքի բնակարանը հրկիզուած էր:
Յոյներուն արտաքսումէն ետք, Էրտողան անուղղակի վերագրում ըրաւ Թուրքիոյ մէջ նաեւ այլ ցեղային խմբաւորումներու ողբերգական ճակատագիրին, ինչպէս օրինակ՝ հայերուն։ «Տարիներ տարբեր ինքնութիւն ունեցողները դուրս դրուած են մեր երկրէն… Ատիկա չէր կատարուած առողջ տրամաբանութեամբ։ Ատիկա կատարուած էր ֆաշական մօտեցումով», նշեց Էրտողան 23 Մայիսին՝ խօսք առնելով Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան տարեկան համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Տիւզչէ արեւմտեան նահանգին մէջ։
«Շատ տարիներ», շարունակեց Էրտողան, «զանազան իրականութիւններ տեղի ունեցան այս երկրին մէջ՝ ի վնաս ազգային փոքրամասնութիւններու, որոնք հոս կ՛ապրէին։ Անոնք ցեղային մաքրագործման ենթարկուեցան, որովհետեւ անոնք տարբեր ցեղային եւ մշակութային ինքնութիւն ունէին։ Ժամանակը հասած է, որ հարց տանք, թէ ինչո՞ւ այդ մէկը տեղի ունեցաւ եւ թէ ի՞նչ սորվեցանք այդ բոլորէն։ Այս մասին վերլուծում չէ կատարուած տակաւին մինչեւ օրս։ Իրականութեան մէջ, այդ վերաբերումը արդիւնքն է ֆաշական գաղափարախօսութեան։
Մենք եւս ինկած ենք այդ լուրջ սխալին մէջ»:
Թուրք վարչապետին անկեղծ ակնարկութիւնները կոշտ կերպով քննադատուեցան ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն կողմէ։ Գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան՝ Հանրապետական ժողովուրդային կուսակցութեան, փոխ-նախագահ Օնիւր Օյմէն նշեց, թէ տարաձայնութիւններու վրայ հիմնուելով՝ Թուրքիոյ պատմութիւնը ֆաշականութեան հետ կապելը ճիշդ չէր։ Ան նաեւ դիտել տուաւ, թէ ոչ մէկ թուրք քաղաքացի արտաքսուած էր իր ցեղային պատկանելիութեան պատճառով։ Ընդդիմադիր «Էմ.Էյչ. Փի.» կուսակցութեան ղեկավարներէն Օքթայ Վուրալ աւելցուց, թէ «Էրտողանի բառերը անարգանք են թրքական պետութեան»։
Սուր հակասութեամբ, թուրք ազատական յօդուածագիրներ դրուատեցին Էրտողանը իր հաշտարար խօսքերուն համար. «Առաջին անգամ ըլլալով, ունինք վարչապետ մը, որ կ՛ուզէ ընդունիլ, թէ սխալներ գործուած են կրօնական փոքրամասնութիւններուն հետ վարմունքին մէջ։ Ասիկա պատմական իրադարձութիւն մըն է», «Միլլիյէթ»ի մէջ գրեց թղթակից Սամի Քոհէնը։ «Բայց արդեօք այդ հրապարակախօսութեան պիտի հետեւի՞ն գործեր կամ՝ ոչ, ապագան ցոյց պիտի տայ»։
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը աւելցուց, թէ Էրտողանի ելոյթը պատմական էր. առաջին անգամն էր, որ բարձրաստիճան պաշտօնատար մը կ՛ընդունէր, թէ անցեալին անօրէն եւ անժողովրդավարական արարքներ գործուած են փոքրամասնութիւններուն դէմ։ Այդ խորհուրդը արձագանգուեցաւ փրոֆ. Հալիլ Պերքթային կողմէ, «Վաթան» օրաթերթին մէջ. «Այդ հաստատումը ամէնէն յանդուգն խօսքն էր, որ երբեւէ արտասանուած էր Էրտողանի կողմէ»։ Պասքին Օրան՝ ուրիշ ակադեմական մը, որ հանրածանօթ է իր ազատական տեսակէտներով, «Սթար» օրաթերթին ըսած էր, թէ ինք հպարտ է «վարչապետով մը, որ կը դատապարտէր ցեղային եւ կրօնական մաքրագործումը»։
«Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ի տնօրէն Ռիտվան Աքար աւելի կասկածամիտ կեցուածք ցուցաբերած է Էրտողանի իսկական մտադրութեան նկատմամբ։ Ան «Վաթան»ի մէջ գրեց.
«Փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները ինչպէս նաեւ կրօնական խմբաւորումներունը, կառոյցային հարց են թրքական պետութեան մէջ։ Անշուշտ Էրտողան մէկ քայլ առջեւ գնաց իր այս յայտարարութեամբ։ Բայց անոր խօսքին անկեղծութիւնը կախեալ է կարգ մը իրականութիւններէ, որոնք պէտք է նեցուկ կանգնին անոր, ինչպէս՝ արտաքսուածներուն իրաւունքներուն հատուցումը, գրաւուած կալուածներուն վերադարձը կամ հատուցումը»։
Վարչապետին հաստատումը քաջալերական է, եթէ անիկա ցուցանիշ մըն է, թէ Թուրքիոյ ղեկավարները վերջապէս որոշած են դիմագրաւել իրենց երկրին անցեալի տգեղ էջերը։ Սակայն սխալ պիտի ըլլար չափազանց լաւատես եզրակացութիւններ քաղել այդ մէկ յայտարարութենէն։ Էրտողան նոյնպիսի ակնարկութիւններ կատարած էր Թուրքիոյ քիւրտերուն մասին, սակայն շուտով անոնց յոյսերը խորտակած՝ անոնց դէմ ճնշումի անակնկալ միջոցառումներու դիմելով։ Իրականութիւնը այն է, որ Էրտողան վարպետը չէ իր քաղաքական մարզին։
Այն «ֆաշականները», որոնց դէմ յարձակում գործեց թաղուած չեն օսմանեան պատմական գերեզմաններուն մէջ, այլ՝ ողջ եւ առողջ են թրքական ընկերութեան մէջ եւ կը գրաւեն բանակին եւ արդարադատութեան մարզի բարձրագոյն դիրքերը։ Այդուհանդերձ, Էրտողան քաղաքական բաւարար խորագիտութիւն ունի անդրադառնալու, որ ֆաշականութեան վերաբերող իր այդ դատապարտութիւնը պիտի արձագանգէ Թուրքիոյ եւ Արեւմուտքի մէջ՝ իրեն համար գնահատական եւ նեցուկ ապահովելով ընդդէմ իր ներքին հզօր հակառակորդներուն։
Թուրքիոյ անցեալի ոգիներուն դէմ Էրտողանի ճակատամարտը իրականութեան մէջ պայքար մըն է իր գոյատեւման համար՝ ընդդէմ ներկայի Թուրքիոյ մէջ գտնուող այն ուժերուն, որոնք զինք եւ իր իսլամական կուսակցութիւնը կը դիտեն խորունկ կասկածանքով, եւ վճռած են հակառակիլ իր առած բոլոր քայլերուն՝ վերջ ի վերջոյ հետամուտ ըլլալով տապալելու զայն իր իշխանութեան դիրքէն։
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի Խմբագիր