ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Ֆութպոլային դիւանագիտութեամբ զարգացող հայ- թրքական երկխօսութիւնները, բնական է որ հարեւան երկու պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման մատչէին։ Այդ գործընթացը սակայն, թրքական կողմին կիրարկած երկու չափ, երկու կշիռ գործելակերպին բախելով՝ սկսած է խարխափիլ ու յոգնութեան նշաններ ցոյց տալ։
Անոր համար որ հաշտութեան գաղափարը անթացուպերով ճամբայ հանուեցաւ եւ իբրեւ օրինականութիւն, ժողովուրդին կարծիքը չշօշափուեցաւ։ Իսկ Հայաստանի պարագային, նկատի չառնուեցաւ ներքին ու արտաքին սփիւռքներու կարծիքը։
Երբ ճանապարհային քարտէսը կամ հաշտութեան ուղեգիծը տատամսոտ կերպով հրապարակ կը նետուէր, շատերուն հետ մենք ալ, մետասաներորդ ժամուն Հայաստանի իշխանութիւններուն պարտադրուած ձախաւէր այդ քայլը, ամերիկեան եւ ռուսական ճնշումներուն վերագրեցինք։ Ու հայկական կողմը, լռելեայն ենթարկուեցաւ դիւանագիտական այդ խաղերուն, որովհետեւ վերջին ընտրութիւններու արդիւնքն ու Սերժ Աարգսեանի վաւերականութիւնը իբրեւ նախագահ, ընդդիմադրութեան կողմէ խնդրոյ առարկայ դարձան, եւ Մարտ 1ի ձախաւէր դէպքերը եկան ներքին ու արտաքին ճակատներու վրայ տկարացնելու ներկայ իշխանութիւնները՝ զայն վերածելով մեծ տէրութիւններու քմայքին ենթակայ վարչախումբի մը։
Ու ներկայիս տիրող անթոյր այդ կացութեան պատասխանատուութիւնը, կերպով մը ընդդիմադրութեան եւ նախկին նախագահ Տէր Պետրոսեանին անզիջող, երկիրը ապակայունացնելու ձգտող, Անգարայի ու Պաքուի ջրաղացին ջուր հայթայթող, անհեռատես քաղաքականութեան կը պարտինք։
Սխալ հաշուարկներու վրայ յենած անոնց տարած ապազգային պայքարը, Մարտ մէկեան արիւնալի բախումներու յանգեցաւ:
Սխալ չհասկցուինք, սփիւռքահայ կառոյցները դէմ չեն եղած հայկական թրքական այնպէս կոչուած հաշտութեան փորձերուն ու երկխօսութեան, այնքան ատեն որ խաղին օրէնքները տարացիօրէն յարգուին։ Սակայն քիչ առաջ մատնանշուած պատճառներէ թելադրուելով՝ հայկական կողմը, դժբախտաբար, ջուրը չտեսած մերկանալու միամիտ փորձերու յանձնառու եղաւ։ Ու իր շուտիկութեան գինը վճարեց հայաստնեան յարաբերաբար անփորձ դիւանագիտութիւնը:
Մենք համոզուած ենք, որ հայութեան խոշոր մէկ տոկոսը դէմ պիտի չըլլար հաշտութեան փորձերուն, եթէ համոզուած ըլլար ան թուրքին անկեղծութեան։ Կը կարծենք, թէ ներկայ գործընթացը բնորոշող տուեալը կը մնայ անկեղծութեան պակասը։ Ցրելու համար ներքին բնազդներէ մեզի յուշուող դարաւոր կասկածամտութիւնը, նախ եւ առաջ թուրք պետութիւնը պիտի ընդունի իր կատարած ցեղասպանական արարքը եւ յանձնառու ըլլայ երէկուան իր զոհերուն հատուցում կատարելու։
Մեծ Եղեռնէն ի վեր, ոչ միայն թուրք ղեկավարութիւնը զղջումի նշոյլն իսկ չէ ցուցաբերած, այլ ներկայ Հայաստանի կայացումէն ի վեր, Ղարաբաղի ազատագրական եւ ինքնորոշման պայքարը մատի փաթթոց դարձնելով՝ սահմանները փակեց, ու ահաւոր երկրաշարժէն ինքզինք տակաւին չգտած մեր հայրենիքը շրջափակումի ենթարկեց։ Եւ այժմ շատերու նման, մեզի ալ անհասկնալի կու գայ, երբ թուրք վարչապետը կը շարունակէ իր հանկերգը, հաշտութիւնն ու սահմաններու առանց նախապայմանի բացումը, հակառակ հայ ղեկավարութեան հաւաստիացումներուն՝ Ղարաբաղի հարցի լուծման կապելով։
Թրքերէն ասացուածք մը կայ՝ «Հէմ ույուզ, հէմ եավուզ…»: Փոխանակ մեր հարեւանը իր կատարած ոճիրին գիտակցութեամբ սուսիկ-փուսիկ սահմանները բանալու, իբրեւ արդարացում իր անզիջող կեցուածքին ու մաքքիավելական գործելակերպին, ան Ցեղասպանութեան հարցն ալ սահմաններու բացումին ու բարի դրացիութեան հաստատումին կը կապէ, եւ անոր քննարկումը կ՛ուզէ մարդկային իրենց սկզբունքները աճուրդի հանած պատմաբաններուն յանձնել։
Հարց կու տանք. Ո՞ւր լսուած է որ Կիյօթինի համը ճաշակած մէկը դատարան ներկայանայ՝ բժիշկներու խորհուրդին առջեւ իր գլխատուած ըլլալը հաստատելու։ Կիյօթին կամ թուրքի եաթաղան, ի՞նչ է տարբերութիւնը…
Միւս կողմէ, մեծ տէրութիւններու անհարկի ճնշումներուն ենթակայ Հայաստանի իշխանաւորները, փոխանակ աւելի խոհեմ ու հեռատես գործելաձեւի մը որդեգրման, յանկարծ զառամախտէ վարակուածի պէս, հակառակորդին հետ սկսան բաց խաղաքարտերով բանակցիլ։ Այսօր անգիր օրէնք է, թէ յատկապէս քաղաքական սակարկութիւններու ատեն, մարդ դիմացինէն քօղարկէ անյոյս իր վիճակը։
Հարցին ներքին ծալքերուն անտեղեակ մէկը, հայկական կողմին աճապարանքը տեսնելով՝ պիտի տարուէր մտածել, թէ առանց թրքական բաց սահմաններու, հայերը սովամահ պիտի դառնան… Մեր ղեկավարութիւնը, իր ելոյթներուն մէջ յաճախ շեշտը սահմանագիծի շուտափոյթ բացումին վրայ կը դնէ, երբեմն թուրքին առջեւ ծնկաչոք պաղատանքի երեւոյթ տալով դրացի պետութիւններուն միջեւ տեղի ունեցող քաղաքակիրթ աքթի մը։ Հաւանականութիւն կայ որ, բաց սահմաններու հետեւանքով, Հայաստանի ազազուն ճարտարարուեստը, թրքական ապրանքներուն հեղեղանման ու աւալանշային հոսքին բախելով՝ բոլորովին վերանայ։
Անկախ տնտեսական նկատումներէն, պէտք չէ երբեք մտահան ընել այն իրողութիւնը, թէ Թուրքիոյ համար, կենսական նշանակութիւն ունի սահմանին բացումը։ Ի՛նքն է որ, Եւրոպական միութեան իր անդամակցութիւնը ապահովելու համար, ամէն գնով պէտք ունի հարեւաններու միջեւ բաց սահմաններու։ Սակայն իբրեւ շունշանորդի, թրծուած դիւանագէտներ, «չեմ ու չեմ» կը խաղան անոնք, հայկական կողմին բան մը չնուիրելով հանդերձ, անկէ առաւելագոյնը կորզելու համար:
Իսկ գալով Արեւմտահայաստանէն խլուած հողերուն ու Կարսի պայմանագրին, հետաքրքրական է, որ Ճեմալ փաշան իր «Քաղագէտի մը յուշերը» գրքին մէջ հետեւեալ տողերով կ՛անդրադառնայ անոնց. կը մէջբերեմ՝
«Մենք՝ երիտթուրքերս, բացարձակապէս կը նախընտրենք հայերը եւ մասնաւորապէս հայ յեղափոխականները, յոյներէն եւ պուլղարներէն։ Հայը աւելի քաջասիրտ ու ազնուական է, աւելի բացսիրտ ու ճշմարտախօս, հետեւողակա՛ն իր բարեկամութեան եւ ատելութեան մէջ։ Եւ մենք համոզուած ենք, որ Ռուսիոյ որդեգրած հակաթուրք դարաւոր քաղաքականութիւնն է պատճառը երկու ցեղերու միջեւ տիրող թշնամանքին»:
Գիրքին սկիզբը, Ճեմալ փաշան հայերը շողոմելէ ետք ցեղասպանութեան կամ տարագրութեան վրայէն բաժակ մը ջուր կը խմէ, եւ կ՛ուրանայ ոճրածին այդ որոշումին մէջ ամէն դերակատարութիւն։ Մինչդեռ Մարաշ, Զէյթուն ու Ատանա իր այցելութեան ճիշդ յաջորդ օրը, ըստ ամերիկացի ականատես, «Մարաշի Կորիւնները» գիրքի հեղինակ Թոնաթան Քէրիի, հրահանգ կը տրուի տարագրութեան։
Գիրքին վերջաւորութեան սակայն, իր իսկութիւնը մէջտեղ հանելով՝ հակահայ հեղինակներէ մէջբերումներ կը կատարէ՝ պատէ պատ զառնելու հայերը, իբրեւ բրտութեան մէջ թուրքին ու քիւրտին չզիջող հաւաքականութիւն։ Հէգ Ճեմալը կը մոռնայ այն իրողութիւնը, թէ հայ լէգեոնականները եթէ երբեք թուրքեր ջարդեցին, այդ մէկը կատարեցին փոխ վրէժի զգացումէ թելադրուած եւ ոչ թէ ցեղասպանական մութ հաշիւներով։ Եւ հետաքրքրական կը գտնենք հետեւեալ խորհուրդը, զորս իթթիհատական ղեկավարը կը փորձէ Թուրքիա բնակութիւն հաստատել ուզող հայերուն ականչը օղ դարձնել. կը մէջբերեմ՝
«Ամէն բանէ առաջ, խորհուրդ կու տամ օսմանցի հայերուն, իրենց օգտի՛ն, մտքի հանգստութեա՛ն եւ երջանկութեա՛ն համար մոռնալ այն անիրականալի երազը, թէ օր մը Էրզրումը, Պիթլիսը, Վանը, Տիարպէքիրը երբեւիցէ մաս կազմեն ներկայ Հայաստանին»:
Անիկա կ՛ընդունի, թէ 1915ին, 600 հազար հայեր ոչնչացան եւ իսկոյն այդ թիւին կը հակադրէ 1.5 միլիոն թուրքերու կորուստը։ Սակայն առանց յիշելու, թէ թուրքերը յիմարաբար Ա. Աշխարհամարտին մէջ ներքաշուելով զոհուեցան, իսկ հայերը՝ «ասպնչակա՛ն թուրք պետութեան եաթաղանով՝ տարագրութեա՛ն ճամբաներուն։
Կը տարակուսինք, որ Ճեմալ փաշային օրերէն ասդին թուրքը փոխուած ըլլայ… Յատկապէս իր ղեկավարութեան մօտ դրսեւորուող ատելավառ զգացումը նոյնը մնացած է։ Այն ազնուասիրտ թուրք մտաւորականները, որոնք կը փորձեն բան մը փոխել իրենց ժողովուրդին ցեղասպան էութենէն, կը նմանին այն հազուագիւտ ծաղիկներուն, որոնք կը տքնին ժամանակէն առաջ գարունը աւետել։
Եւ ինչո՞ւ մեղքս պահեմ, մասնաւորապէս Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանը, իր խիստ ու ծայրայեղ պահուածքով, ինծի Հայերու Ցեղասպանութեան կնքահայր՝ Թալէաթը կը յիշեցնէ։
Անցնելով Օպամայի կիսով յարգուած նախընտրական խոստումին, թոյլ տուէք որ այդ հարցին հանդէպ քիչ մը աւելի փրակմաթիկ ու առարկայական մօտեցում ցուցաբերեմ։ Ես անձամբ իբրեւ ամերիկահայ, բաւարարուած կը զգամ «Մեծ Եղեռն» տարազով, եւ մասնաւորապէս՝ Թուրքիոյ մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ԱՄՆի նախագահին որդեգրած յանդուքն կեցուածքով, երբ կը շեշտէր, թէ՝ «Հայկական Ցեղասպանութեան հարցով իր դիրքը չէ փոխուած»։
Կրնար այդքանն ալ չըսել:
Կը յիշեմ, հայասէր Պապ Տոլի նախագահական թեկնածութեան առիթով գրած քաղաքական վերլուծութիւնս, ուր շեշտը դրած էի այն իրողութեան, թէ նախագահ ընտրուելու պարագային, հայասէր սենաթորին պիտի չթոյլատրուէր «Ցեղասպանութիւն» տարազը գործածել, ի շառս այլոց՝ Փենթակոնի, Սի.Այ.Էյ.ի, Պետական քարտուղարութեան, հրէական ու թրքական լոպպիինկի կողմէ։
Կառավարութենէն ներս եւ դուրս գոյութիւն ունին ամեհի հոսանքներ, որոնք արգելք կը հանդիսանան նորընտիր նախագահներուն՝ յարգելու նախընտրական իրենց խոստումները։ Կամ ալ ընտրուելէն ետք կը սկսին կեդրոնէն կառավարել փրակմաթիկ մօտեցում ցոյց տալով քաղաքական կնճռոտ հարցերու նկատմամբ։ Կը հասկնամ ազգակիցներուս հիասթափումը, բայց այս այսպէս է…
Վստահ եմ կը յիշէք «Օպամա նօ Տրամա» նախընտրական կարգախօսը, որուն ոգիին հաւատարիմ կը մնայ ԱՄՆի նախագահը։ Որպէս սեւամորթ ու ազատական քաղաքական այր, Օպաման գիտակից է այն ծայրայեղական ուժերու գոյութեան, որոնք դարանակալ կը սպասեն, որ Սպիտակ տան սեւ բնակիչը, ըստ իրենց հաշուարկներուն, մահացու սխալ մը գործէ։ Ներկայ պարագաներու տակ, չեմ գիտեր ի՛նչ շահ պիտի ապահովենք խորքով հայասէր նախագահի մը հակադրուելով։ Եթէ չըլլային վերը նշուած արգելքները, գուցէ անիկա արտասանէր հայկական գողգոթան բնորոշող ճիշդ բառը։
Իսկ վերադառնալով հայրենի իշխանութիւններուն, որոնց հայրենասիրութիւնը խնդրոյ առարկայ չենք դարձուցած երբեք, եղբայրական մեր բաղձանքն է, որ թուրքին հետ խոհեմութեամբ վարուին։ Օրինակի համար, Ապրիլ 22ին յայտարարութեան խորհրդանշական իմաստ հագցնելու հայ արտաքին գործոց նախարարութեան փորձը սխալ լարերու դպաւ՝ ցասումով լեցնելով վերապրողներուն սիրտերը։ Թուրքը, սեւաթոյր այդ թուականը ընտրելով՝ փորձեց սեպ խրել հայութեան զոյգ հատուածներուն միջեւ։ Եւ յաջողեցաւ…
Երկխօսութիւններու ընթացքին, հայրենի ղեկավարութիւնը նկատի պիտի ունենայ, թէ դիմացը արհեստավարժ աճպարարներ կանգնած են։ Յիշեցէ՛ք Տաւոսի ժողովին, Էրտողանին խաղացած թատրոնը, երբ անիկա, մէկ քարով երկու թռչուն զգետնելով՝ արժանացաւ արաբական եւ մահմետական աշխարհի հերոսի կոչումին։
Եւ ո՛վ հեգնանք, անպատիժ մնացած Ցեղասպանութեան հեղինակ Թալէաթին սիրասուն թոռնիկը, լկտիաբար, երդուեալ պաշտպանը կանգնեցաւ Կազայի արաբներուն դէմ իսրայէլացիներուն կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեան։