ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակին յայտնած տեղեկութեան համաձայն, նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ՝ Յունիս 2ին, ընդունած է արժանթինահայ յայտնի գործարար, «American International Airports» ընկերութեան նախագահ Էդուարտօ Էռնեկեանը, որուն կ՛ընկերանար իրաւաբան-գործարար Վահէ Եագուպեանը:
Հանրապետութեան ղեկավարն ու արժանթինահայ գործարարը համաձայնած են, որ հակառակ միջազգային տնտեսական ճգնաժամին յարուցած որոշ դժուարութիւններուն, իրենք պէտք է առաջ շարժին։ Ըստ Էռնեկեանի, իր նախաձեռնած բոլոր ծրագիրները բնականոն ընթացքի մէջ են։
Ներկայացնելով գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ իրականացուցած ներդրումային իր ծրագիրները՝ գործարարը նշած է, որ կը կիրառեն նորագոյն գիտարուեստ, մշակութեան եւ ոռոգման նոր եղանակ, որոնց ուսումնասիրումն ու տարածումը այլ գիւղատնտեսութիւններու մէջ կարեւոր նկատուած են նախագահին կողմէ։
Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ դրամատնային ոլորտին եւ «Հայփոսթ» ընկերութեան մէջ իրականացուող ձեռնարկներուն։ Արժանթինահայ գործարարը յայտնած է, որ նորարարութիւնը, թարմ գաղափարները խրախուսելու եւ նոր մտածելակերպով հայ երիտասարդներուն բացայայտելու, ինչպէս նաեւ անոնց առաջարկները կեանքի կոչելու նպատակով, իր ֆինանսաւորմամբ գործող «Ֆրութֆուլ Արմենիա» ծրագիրը յայտարարած է գրաւոր աշխատանքներու մրցոյթ՝ գիւղատնտեսութեան եւ գիւղարտադրութեան, ֆինանսներու եւ ենթակառուցուածքներու ոլորտներուն վերաբերեալ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.