ԹԻՒ60
«Կօշիկէդ վեր
մի՛ ելլեր» խօսքը ունէր լուռ անարգանքի բաժին մը։ Ոսկոր չունեցող լեզուն այլեւս իրաւունք չունի նման անարգական ձեւով արտայայտուելու:
Վերջապէ՜ս… դարերէ իվեր միայն գետնին վրայ սողալու վարժուած եւ վարկաբեկուած խեղճ կօշիկը յանդգնեցաւ սլանալ ու վեր բարձրանալ, աշխարհի զօրաւորագոյն ղեկավարի դէմքն ի վեր սուրալ, ուզեց իր տիրոջ եւ անոր ժողովուրդին պատիւն ու վրէժը լուծել:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշի վրայ կօշիկ նետելու աննախընթաց արարքով, իրաքցի լրագրող Մունթատար Զէյտին օրին թղթակիցներու եւ ուսանողներու համար բողոքի նոր զէնք մը ստեղծեց. բողոքողներ ու ցուցարարներ հիմա սկսած են համարձակութիւնը ունենալ նոյնանման արարքներ կատարել աշխարհի վրայ. պետական մարդոց դէմ բողոք արտայայտելու նոր աւանդութիւն մը կը հաստատուի աշխարհով մէկ:
Պետական մարդոց համար շատ սովորական են ցոյցերը, պաստառներու վրայ գրուած քննադատական նշանախօսքերը. իրարու հակադրուած քաղաքական մարդիկ վարժուած են դահլիճներու մէջ անարգական եւ անվայել արտայայտութիւններ փոխանակելու, յետոյ ալ իրարու ժպտալու, իրարու հետ սիրաբանելու ու անարգանքը մոռնալու. կարեւորը այն է որ իրենց միջեւ մնայ պատահարը։ Վարժ են. նորութիւն չէ։ Կարեւորը համաձայնիլն է՝ չհամաձայնելու համար. դաստիարակուած են տոկալու հայհոյանքի եւ նոյն ոճով փոխադարձելու, միայն ժողովուրդը չիմանայ լուրը:
Բայց այս կօշիկի պատմութիւնը արար աշխարհի բաց պատուհանին առջեւ ցուցադրուեցաւ, նորութիւն էր, եւ արդարանալիք, ստելիք կամ պահուելիք ոչինչ կայ: Ամէն ինչ բացայայտ էր:
Նախագահ Ճորճ Պուշ ունի գովելի մէկ բան. «Նետուած կօշիկին չափը թիւ 10 է», ըսած է ան Իրաքի վարչապետին, որմէ նաեւ խնդրած է որ նետողը մեծ պատիժի չենթարկուի…
Հինգշաբթի, Փետրուար 5ին, շուէտացի ուսանող մը իր կօշիկով կրցաւ հարուած մը հասցնել Իսրայէլի դեսպանին, որ համալսարանին մէջ խորհրդաժողովի մը կը մասնակցէր:
Երկուշաբթի օր, բրիտանացի մը կօշիկ նետած էր Քէյմպրիճի համալսարանին մէջ դասախօսող Չինաստանի վարչապետին վրայ, սակայն կօշիկը չէ հասած իր թիրախին:
Հերոսներու յատուկ ճակատագիր. Մունթատար Զէյտին բանտարկուած է։ Պիտի բեկանուի իր բանտարկութեան դատավճիռը թէ ոչ՝ անյայտ է. յայտնի է մէկ բան, լրագրողը դարձաւ նշանաւոր՝ աշխարհի մէջ, իսկ արաբական աշխարհին մէջ՝ հերոս մը:
Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի ծննդավայրին մէջ իրաքցի լրագրողին հռչակաւոր կօշիկին արձանը կանգնած է:
Մունթատար Զէյտին բանտարկուած կը մնայ Պաղտատի մէջ: 30 տարեկան է. դատուելու համար երբ դատարան կը տարուէր, խուռներամ ժողովուրդը ծաղկեփունջերով կը դիմաւորէր հերոս կօշկարձակ լրագրողը:
Պուշի դէմքին նետուած կօշիկը աճուրդի դրուած է եւ արժէքը 10 միլիոն տոլար է, իսկ զայն արտադրող գործատունը տասնեակ հազարներով ապսպրանք ստացաւ աշխարհի չորս ծագերէն:
Կեցցէ՛ պիզնէսը…
(Ձեր արձագանգները կրնաք ղրկել MA@MassisArt.com ելեկտրոնային հասցէին, «Ասպարէզ»ին կամ ալ հեռաձայնելով 818-469-8810 կամ 323-469-8810 թիւերով)