ՊԵՎԸՐԼԻ ՀԻԼԶ, «Ասպարէզ».- Երկուշաբթի կէսօրին, Լոս Անճելըսի մօտ հայկական հիւպատոսարանէն ներս տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին «Viasphere թէքնոփառք» իւրայատուկ գիտական կեդրոնի եւ ընկերութեան հիմնադիր ու նախագահ, ինչպէս նաեւ Սիլիքըն Վալիի գործող «Իմփեվա լապզ» ընկերութեան գլխաւոր վարիչ տնօրէն Թոնի Մորոյեան ներկայացուց յառաջիկայ Նոյեմբերին, բարձր արհեստագիտութեան մայրաքաղաք դարձած Սիլիքըն Վալիի մէջ տեղի ունենալիք համաժողովի մասին շահեկան տեղեկութիւններ:

Իր տեսակին մէջ երրորդ այս համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Սան Հոզէի «Ֆերմանթ» հիւրանոցին մէջ: Նշենք, որ այս համաժողովին մասին մամլոյ ասուլիսով նոյն օրը Երեւանի մէջ հանդէս եկան «Սինոփիս Արմենիա» ընկերութեան ներկայացուցիչները:
«Սինոփսիս» այն ընկերութիւններէն է, որ իր ուժեղացման պահուն, երբ պէտք էր ընդարձակէր իր գործունէութիւնն ու արտասահմանի մէջ կեդրոններ ստեղծէր, որոշեց իր առաջին կեդրոնը դարձնել Հայաստանը: «Սինոփսիս»ի «Արմենիա» մասնաճիւղը բանալու այս որոշումը հիմնուած է այն նկատողութեան վրայ, որ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունէր անհրաժեշտ գիտական ներուժ, որ կրնար իրականացնել ընկերութեան ծրագիրները:
«Սինոփսիս»ը դարձած է այս համագումարի հովանաւորներէն մէկը՝ ծրագրին յատկացնելով յիսուն հազար տոլար:
Մամլոյ ասուլիսը, որ հրաւիրուած էր հիւպատոսարանի եւ Լոս Անճելըսի Հայկական առեւտուրի պալատի միացեալ կազմակերպութեամբ, բացաւ գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան, հաւանաբար շեշտելու համար այն իրողութիւնը, որ այս համագումարի ետին կանգնած է Հայաստանի պետութիւնը:

Արդարեւ, «Արմթէք Քոնկրէս»ի յանձնախումբերուն մէջ շատ են կառավարական բարձր պաշտօնատարներուն անունները: Նաեւ, Մորոյեան յայտնեց, որ յառաջիկայ համագումարին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Հայաստանի վարչապետը, որ հանդէս պիտի գայ առանձին ելոյթով:
«Արմթէք Քոնկրէսը» նաեւ նպատակ ունի ներգրաւել բարձր արհեստագիտութեան ոլորտի հանրաճանաչ մասնագէտներ՝ ամրապնդելու համար անոնց կապերը հայաստանի համապատասխան բնագաւառի ներկայացուցիչներուն հետ:
Պարոն Մորոյեան ընդգծեց, որ այս տարի անոնք կը յուսան աւելի մեծ մասնակիցներ ունենալ համաժողովին, քան նախորդ տարիներուն: Ան ցաւով յայտնեց, որ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ տեղի ունեցած առաջին համաժողովին քիչ եղած են Լոս Անճելըսէն մասնակիցներուն թիւը: Այս անգամ, Մորոյեան դիմեց տեղւոյս հայ մամուլին, որ զօրակցի իրենց ու տեղեակ պահէ շրջանիս գիտնականները՝ ձեռնարկին նկատմամբ հետաքրքրութիւն յառաջացնելով անոնց մէջ:
Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խօսք առաւ տնտեսութեան նախարար Ներսէս Երիցեան, որ յայտնեց, թէ նոյնիսկ ճգնաժամի հետեւանքով յառաջացած դժուար պայմաններուն տակ, «Արմթէք քոնկրէս» կազմակերպութիւնը կը վկայէ այն մեծ կարեւորութեան մասին, զոր կը տրուի այս ոլորտին:
«Սինոփսիս» ընկերութեան մարքէթինկի գծով փոխնախագահ, «Սինոփսիս Արմենիա»ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ռիչ Կոլտման, Երեւանի ասուլիսին ընթացքին համոզում յայտնած է, որ տնտեսական ճգնաժամի պայմաններուն տակ նման համաժողովի կազմակերպումը աւելի կարեւոր է, քան երբեւէ:
«Ասիկա ճիշդ ժամանակն է ցոյց տալու, որ այս ոլորտը յուսալի ձեռքերու մէջ է: Ասիկա նաեւ հնարաւորութիւն է՝ ճգնաժամէն աւելի բարգաւաճած դուրս գալու համար», յայտնած է Կոլտման:
Լոս Անճելըսի հիւպատոսարանին մէջ կայացած ասուլիսին ներկայ էին նաեւ Մարք Շէնեան, Լոս Անճելըսի Հայ ամերիկեան առեւտուրի պալատի նախագահ Անի Պետրոսեան, եւ պալատի Խնամակալ մարմինի անդամներ Արմէն Ճանեան, Քարմէն Զարկարեան եւ Ալիսա Ասմարեան: