ՎԻԳԷՆ ՍՕՍԻԿԵԱՆ
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամի թելեթոնը դիտելու ընթացքին, իւրաքանչիւր մեծագումար նուիրատուութեան յայտարարութիւն ուժ ու կորով կը ներշնչէր ինծի: Իւրաքանչիւր կարեւոր նուիրատուութեան հետ, իմ մէջ աւելի եւ աւելի կ՛ամրապնդուէր այն համոզումը, որ մեր այս սիրելի կազմակերպութիւնը մեր նպատակներու իրագործման ճամբուն վրայ մեծ նուաճումներ պիտի աւելցնէ իր արդէն տպաւորիչ վաստակին վրայ:
Այս բոլորով հանդերձ, իմ վրայ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Օրէնճ Քաունթիի եւ Քրէսէնթա հովիտի մասնաճիւղերու արարքը, որ ինծի յիշեցուց Աւետարանի աղքատ պառաւի երկու լումայի նուիրաբերումը պատմող դրուագը:
Այս երկու մասնաճիւղերը միասնաբար երեք հազար տոլարով մասնակցեցան հանգանակութեան: Այս գումարը փոքր է անշուշտ աւելի մեծ նուիրատուութիւններու կամ հաւաքուած ընդհանուր գումարին համեմատ: Սակայն, այս նուիրատուութիւնը յուզեց զիս, պարզ այն պատճառով, որ տեղեակ էի, թէ ի՛նչ ճիգ ու աշխատանք թափուած էր այդ գումարը գոյացնելու համար:
Իբրեւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան նախկին անդամ, ես կը փորձեմ մօտէն հետեւիլ աւելի քան տասնամեակ մը կեանքիս անբաժան մասը կազմած Քրէսէնթա հովիտի մասնաճիւղի գործունէութեան: Թելեթոնին գումար գոյացնելու նպատակով, ես տեսայ, թէ ինչպէ՛ս այս մասնաճիւղի անդամները երկու ձեռնարկներ իրագործեցին. ինքնաշարժներ լուացին եւ Փոքրիկ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Անկախութեան օրուան փառատօնին ժամանակ սուրճ ծախեցին:
Փառատօնի ընթացքին զիս մեծապէս տպաւորեց մասնաճիւղի անդամներուն որդեգրած նախայարձակ մարտավարութիւնը. անոնք փոխանակ սպասելու, որ մարդիկ մօտենան իրենց եւ սուրճ ուզեն, իրենք զոյգերով շրջեցան ու դիմեցին մարդոց, որպէսզի գնեն սուրճը՝ այդ ազնիւ նպատակին համար:
Իւրաքանչիւր վաճառուած սուրճ երկու տոլար նպաստ կը բերէր թելեթոնին: Աննշան թուացող մեծ բաներ: Երիտասարդներու պատրաստակամութիւնը ժամերով ինքնաշարժներ լուալու, խրախուսուեցաւ համայնքի եւ մանաւանդ «Սիմոն Զաւարեան» կոմիտէութեան անդամներուն կողմէ, որոնք ուրախութեամբ գործ հայթայթեցին կամաւոր տղաներուն ու աղջիկներուն: Աննշան թուացող մեծ բաներ: Իմ հաշուարկներով, մասնաճիւղի անդամներ առնուազն հարիւր ժամուան ֆիզիքական աշխատանք կատարեցին այդ երեք հազարը գոյացնելու համար:
Աննշան թուացող մեծ բաներ: Թելեթոնի թուականէն քանի մը օր առաջ, նախագահ Պարաք Օպամա Լոս Անճելըս եկաւ եւ 72 ժամուան մէջ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը կրցաւ զօրաշարժի ենթարկել իր շարքերը, ու հակառակ այն իրողութեան որ ուսանողական եւ աշակերտական քննութիւններու շրջան էր, կրցաւ ապահովել նկատելի թիւ մը՝ նախագահին յիշեցնելու համար մեր ժողովուրդին տուած իր խոստումը: Աննշան թուացող մեծ բաներ: Թելեթոնէն շաբաթներ առաջ, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան անդամներ իջած էին մեր հայրենիքի անունը կրող՝ Փոքրիկ Հայաստանի թաղերը եւ ձեռնարկած մաքրութեան արշաւի մը:
Աննշան թուացող մեծ բաներ: Քանի մը շաբաթ ետք, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան խումբ մը անդամներ պիտի երթան հայրենիք ու իրականացնեն տարեկան երկրորդ Մանկական ճամբարը՝ գիւմրեցի երեխաներու համար, որոնց հաճելի մթնոլորտի մը մէջ պիտի սորվեցնեն տարրական անգլերէն լեզու եւ համակարգչային գիտելիքներ: Աննշան թուացող մեծ բաներ: Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կողմէ կատարուած փոքր, աննշան թուացող գործերը այնքան ալ փոքր չեն: Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան անդամները կ՛երթան այնպիսի վայրեր, ուր ուրիշներ դժուար կը գտնեն երթալը: ՀԵԴն կը հասնի այնտեղ, ուր իր կարիքը կը զգացուի:
ՀԵԴն ձայն կը բարձրացնէ, երբ ուրիշներ կը նախընտրեն լուռ մնալ: ՀԵԴն ղեկավարներ կը պատրաստէ եւ իր անդամներուն ուժ ու կորով կը ներարկէ: ՀԵԴն գիտելիքներ կը հարստացնէ: Որքան ալ մեծ ճիգ թափեմ, ՀԵԴական օրերուս վերադառնալ չեմ կրնար: Բայց կրնամ թիկունք կանգնիլ իմ մասնաճիւղի նոր երիտասարդ անդամներուն: Սիրո՛վ յանձն կ՛առնեմ այդ պարտականութիւնը: