ԵՐԵՒԱՆ.- ԼՂՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր, պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Վիտալի Բալասանեան «Հետք»ի հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, թէ առանց ԼՂՀ մասնակցութեան, որեւէ փաստաթուղթի ստորագրութիւն ոչնչութիւն կը համարուի, եւ կարեւոր չէ, թէ ո՛վ է այդ փաստաթուղթին տակ ստորագրողը:
«Առանց իր համաձայնութեան ու մասնակցութեան կայացուած որոշումը, Ղարաբաղի ժողովուրդը չի ընդունելու: Որոշում կայացնելուց առաջ, նախ պէտք է անպայմանօրէն հաշուի առնել ԼՂՀ ողջ բնակչութեան կարծիքը, քանի որ հէնց իրենք են պայքարել ու տարիներով մասնակցել Ատրպէյճանի կողմից իրենց պարտադրուած պատերազմում»,- աւելցուցած է պատգամաւորը՝ հարց ուղղելով, թէ՝ «Որտե՞ղ էին այդ ժամանակ այն միջազգային կառոյցներն ու միջազգային հանրութիւնն ընդհանրապէս, ովքեր հիմա հէնց այդ նոյն ժողովրդին անվտանգութեան երաշխիքներ են փորձում տալ»։ Ըստ Վ. Բալասանեանի, միջազգային հանրութիւնը նախ եւ առաջ պէտք է գնահատական տա Ատրպէյճանի կողմէ Ղարաբաղի բնակչութեան դէմ սկսած պատերազմին:
Պատգամաւորին կարծիքով, այսօր, Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման բանակցային գործընթացին մէջ անթոյլատրելի է հաշուի չնստիլ Արցախի հանրապետութեան ժողովուրդին հետ, քանի որ իւրաքանչիւր ընտանիք կորուստ ունեցած է պատերազմի ընթացքին, եւ այս հողը խառնուած է անոնց հարազատներուն արեամբ:
Պատասխանելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու Ս. փեթերզպուրկեան հանդիպման եւ հնարաւոր փաստաթուղթի ստորագրման վերաբերեալ «Հետք»ի հարցին՝ ԱԺ պատգամաւորը նշած է, որ ոչ այդ հանդիպման, եւ ոչ ալ անկէ ետք Հայաստանը ղարաբաղեան հիմնախնդիրին վերաբերող որեւէ փաստաթուղթ պիտի ստորագրէ՝ առանց Ղարաբաղի մասնակցութեան:
Ան միաժամանակ նշած է. «Հայաստանը շատ շուտ պէտք է հրաժարի բանակցութիւններից՝ ներկայացնելով ԼՂՀ մասնակցութեան պահանջք, ինչպէս նաեւ պէտք է ճանաչի Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը»: