ՊԵՐԼԻՆ.- «Հայ Թերթ» կայքէջը Գերմանիայէն կը հրատարակէ սեփական լուր մը, ըստ որուն, Թուրքիոյ մէջ մէկ միլիոն ծածուկ հայ կայ։ Այս մասին երկար ժամանակէ ի վեր կը գրէր լրագրող Եուսուֆ Կէզկին, բայց հիմա, առաջին անգամ ըլլալով, հայ պատմաբան մը եւս բացատրութիւն տուած է այս մասին։
Արդարեւ, Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ Արեւելեան բաժանմունքի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեան նմանապէս հաստատած էր, թէ Թուրքիոյ մէջ մէկ միլիոն մարդ գաղտնի կը պահէ իր հայկական ծագումը։
Այժմ լուրջ աշխատանք կը տարուի, որպէսզի ուսումնասիրուին Թուրքիոյ բնակչութեան որոշ հատուածները։ Շատ քիչ տեղեկութիւն կայ այն մարդոց մասին, որոնց նախնիները քրիստոնեայ կամ հայ էին, կամ որոնց նախնիները տեղահանութեան ընթացքին իրենց կեանքը փրկելու համար ստիպուեցան իսլամ կրօնքը ընդունելով՝ կրօնափոխ ըլլալ։ 1915ի բռնի տեղահանութեան ընթացքին իսլամ կրօնքը ընդունող հայերուն մեծամասնութիւնը կիներ էին։ Վերջին տարիներուն կը տեսնուի, որ այդ կիներուն թոռները սկսած են անդրադառնալ իրենց պատկանելիութեան։
Ուրիշ տեղեկութիւն մըն ալ այն է, թէ թուրք բնակչութեան մօտ ինքնութեան տագնապ մը կայ։ Անգլիացի ու գերման գիտնականներու կողմէ կատարուած կէս գաղտնի պրպտումներու համաձայն, Թուրքիոյ բնակչութեան 38-40 տոկոսը ինքզինք թուրք չի նկատեր։ Ասոնք իրենք զիրենք կը տեսնեն իբրեւ ներկայացուցիչներ հայերու, քիւրտերու, յոյներու եւ այլ ցեղային խմբաւորումներու։ Ընդհանուր տրամադրութիւն կայ ընդունելու, որ Թուրքիոյ մէջ գաղտնի հայերուն թիւը մէկ միլիոն է, իսկ գաղտնի քրիստոնեաներունը՝ կը հասնի մինչեւ 2 միլիոնի։