ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայկական երկաթուղին լիովին պատրաստ է Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացումին, Հինգշաբթի, Յունիս 4ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց Հայկական երկաթուղիի հաւատարմագրային կառավարումը ստանձնած Հարաւկովկասեան երկաթուղի ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Շեւքէթ Շայտուլինը՝ նշելով, որ այս ուղղութեամբ կ՛իրականացուին արդիականացման աշխատանքներ:
«Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկաթուղային հաղորդակցութիւնը պատրաստ ենք վերականգնելու: Այսօր արդէն կայ յստակ ծրագիր, որով կ՛իրականացուին աշխատանքները եւ կը մշակուի նախագիծ: Սահմանակից Ախուրեան կայարանի արդիականացման ուղղութեամբ համապատասխան քայլեր կ՛իրականացուին», աւելցուց ան:
Շայտուլին վստահեցուց, որ սահմանի բացման պարագային, երկաթուղային փոխադրումներ իրականացնելու հարցով խնդիրներ ընդհանրապէս պիտի չյառաջանան: Այս ուղղութեամբ ընկերութիւնը կը նախատեսէ իրականացնել շուրջ 900 միլիոն ռուբլի արժող ներդրում:
Ան աւելցուց, թէ Հարաւկովկասեան երկաթուղին նաեւ պատրաստ է մասնակցելու Իրան-Հայաստան երկաթագծի կառուցման ծրագրին: