ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Երկար տարիներ թրքական կառավարութիւնը եւ անոր վարձկան քարոզչական մեքենան յայտարարած են, թէ հրեաները լաւ վերաբերմունքի արժանացած են Թուրքիոյ մէջ ամբողջ պատմութեան ընթացքին։
Վերջին տարիներուն մինչ Թուրքիան Հայկական ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համար միջազգային մեծ ճնշումի ենթարկուեցաւ, թուրք պաշտօնատարներ որոշեցին իրենց երկիրին աւելի դրական պատկեր մը տալ՝ ճնշում բանեցնելով տեղացի հրեայ ղեկավարներուն վրայ, որ հրապարակեն հանրային յայտարարութիւններ թէ՝ իրենց համայնքը խաղաղութեան եւ բարգաւաճման մէջ ապրած է հարիւրաւոր տարիներ։
Թուրքիոյ հրեայ ղեկավարները հնազանդօրէն գործադրեցին թրքական կառավարութեան տնօրինումները՝ երաշխաւորելու համար իրենց համայնքին ապահովութիւնը ինչպէս նաեւ պահպանելու համար իրենց առեւտրական շահերը։
Սակայն շատ քիչ ուսումնասիրութիւն կատարուած է Օսմանեան կայսրութեան եւ թրքական հանրապետութեան մէջ հրեայ համայնքին իսկական պայմաններուն մասին։ Գերմանացի ուսումնասիրող Քորի Կութսթատ վերջերս այդ բացը փոքրացուց՝ հրատարակելով հինգ հարիւր քսան էջնոց ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մը Ողջակիզման ընթացքին Թուրքիոյ դատապարտելի արարքներուն մասին։ Գիրքին խորագիրն է՝ «Թուրքիան, Հրեաները եւ Ողջակիզումը»։ Շարք մը եւրոպական երկիրներու մէջ գտնուած արխիւային նիւթերու վրայ հիմնուելով, ան կրցաւ փաստագրել Թուրքիոյ հրեաներուն ողբերգական ճակատագիրը Ողջակիզման ընթացքին։
Սոնիա Կալըրի կողմէ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթաքին, որ հրատարակուեցաւ www.Qantara.de կայքէջին վրայ, Կութսթատ կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ Թուրքիոյ հրեայ համայնքին թիւը հարիւր յիսուն հազարէն՝ Ա. Աշխարհամարտին, նուազեցաւ քսան հազարի՝ ներկայիս։
«Օսմանեան կայսրութիւնը իբրեւ բազմամշակոյթ դրախտ ներկայացնելը անիմաստ է եւ ոչ պատմական», կը գրէ Կութսթատ։ «Իբրեւ ոչ իսլամներ, հրեաները ենթարկուած էին անհամար սեղմումներու։ Քրիստոնեաներուն նման, անոնք եւս պէտք էր վճարէին անհատական տուրք, ինչպէս նաեւ ստիպուած էին ենթակայի կեցուածք ունենալ իսլամներու ներկայութեան»։
Հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան ականատես ըլլալով, հրեաները սարսափած էին, թէ իրենք եւս կրնային ենթարկուիլ նոյն ճակատագիրին։ Իրենց ապահովութիւնը եւ գոյատեւումը երաշխաւորելու համար, հրեաները իրենց կարելին ըրին, ներառեալ՝ դէպի իսլամութիւն կրօնափոխութիւնը, փաստելու համար, թէ իրենք հաւատարիմ թուրք քաղաքացիներ էին։
«Հրեաներուն մեծ մասը սկիզբը իրենք զիրենք դաշնակիցներ կը համարէին Քեմալական շարժումին եւ նոր հանրապետութիւնը կը դիտէին մեծապէս դրական ակնկալութիւններով», կը բացատրէ Կութսթատ։ «Այդ յոյսերը արագօրէն փարատեցան, որովհետեւ հակառակ պատշաճելու իրենց ջանքերուն եւ հաւատարմութեան իրենց հռչակումին, հրեաները շուտով թիրախ դարձան երիտասարդ հանրապետութեան կարծր ազգայնականութեան։ Երիտասարդ հանրապետութիւնը սահմանող քաղաքականութիւններէն մէկն էր պետութեան, տնտեսութեան եւ ընկերութեան «թրքացումը»», կը նշէ Կութսթատ։ Իբրեւ արդիւնք, հրեաները «դուրս դրուեցան շարք մը ասպարէզներէ եւ տնտեսական մարզերէ։ Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ շատ մը հրեաներ գաղթեն» Թուրքիայէն։
Երկու աշխարհամարտերուն միջեւ երկարող ժամանակաշրջանին, Թուրքիոյ մէջ հետզհետէ սաստկացող անհանդուրժողութիւն մը կար հրեաներուն եւ ուրիշ փոքրամասնութիւններու դէմ։ Ըստ Կութսթատին, «Հակասեմական գրքոյկներ, ինչպէս՝ «Սիոնի Ուսեալ Երէցներու Ատենագրութիւններ»ը Թուրքիա հասան եւ թարգմանուեցան թրքերէնի 1930ականներուն։ Գերմանիա տուած այցելութենէն ետք, Ճեւաթ Ռիֆաթ Աթիլհան, որ կը համարուի Թուրքիոյ մէջ իսլամական հակասեմականութեան հայրը, Պոլսոյ մէջ սկսաւ հրատարակել «Միլլի Ինքիլապ» (Ազգային Յեղափոխութիւն) հակասեմական օրաթերթը, որ կը պարունակէ հակասեմական ծաղրանկարներ, որոնք ուղղակիօրէն արտատպուած էին «Տեր Սթըրմըր» նացի օրաթերթէն։
Թէ՛ «Սիոնի Ուսեալ Երէցներու Ատենագրութիւններ»ը եւ թէ՛ «Մէյն Քամֆ»ը բազում նոր հրատարակութիւններով վերատպուած են մինչեւ օրս։ Ազգայնական միջոցառումներ, որոնք ազդեցութիւն ունեցան ոչ միայն հրեաներուն, այլեւ՝ քիւրտերուն, հայերուն եւ յոյներուն վրայ կը ներառեն՝ բռնի տեղահանումներ, այսպէս կոչուած «հարստութեան տուրք»ը, որուն իբրեւ հետեւանք կը բռնագրաւուէին կալուածներ երբ կալուածատէրերը չէին կրնար վճարել կամայականօրէն ճշդուած եւ յաճախ երեւակայական գումարները, որոնք կը պահանջուէին իրենցմէ, ինչպէս նաեւ բռնի աշխատանք՝ արեւելեան Անատոլուի բանակատեղիներուն մէջ»։
Բ. Աշխարհամարտէն առաջ շուրջ երեսուն հազար թուրք հրեաներ ապաստան գտան Եւրոպայի մէջ՝ փախուստ տալու համար Թուրքիոյ մէջ իրենց հանդէպ ցուցաբերուող անարդար եւ երբեմն անգութ վերաբերումէն։ Անոնք չէին գիտեր, որ շատ աւելի ողբերգական ճակատագիր մը կը սպասէր իրենց։ 1942ին Նացի Գերմանիան Անգարայէն պահանջեց վերցնել իր հրեայ քաղաքացիները Գերմանական Ռայխին գրաւած տարածքներէն, որպէսզի անոնք չխառնուին եւրոպացի հրեաներուն հետ։ Սակայն Անգարան մերժեց արտօնել անոնց վերադարձը՝ յետս կոչելով անոնց թրքական քաղաքացիութիւնը։ Իբրեւ արդիւնք, քանի մը հազար թուրք հրեաներ բնաջնջուեցան՝ գերմանական համակեդրոնացման ճամբարներ փոխադրուելով։
Կութսթատ նաեւ կը բացայայտէ յաճախ կրկնուած այն սուտը, թէ Ողջակիզման ընթացքին Թուրքիա ապահով ապաստանարան մը հանդիսացած էր մեծ թիւով եւրոպացի հրեաներու համար։ Ան դիտել կու տայ, թէ եւրոպական երկիրներու մէջ կարգ մը թուրք հիւպատոսներ, որոնք միջամտութիւններ կատարեցին բանտարկուած թուրք հրեաներ ազատագրելու համար, այդ մէկը չըրին «մարդասիրական դրդապատճառներով», այլ՝ «իրենց գրպանները լեցնելու համար»։
Քորի Կութսթատի բացայայտիչ գիրքը պէտք է թարգմանուի եւ հրատարակուի բազմաթիւ լեզուներով, որպէսզի ի յայտ գայ Ողջակիզման ընթացքին թրքական կառավարութեան ցեղապաշտական քաղաքականութիւնն ու ոճրայինօրէն անտարբեր վերաբերումը իր հրեայ քաղաքացիներուն նկատմամբ։
«Քալիֆորնիա Քուրիր»ի Խմբագիր